Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Պատգամը` Ս. Ծննդեան Առիթով «Խաղաղութիւնը Գոյացնելը Նախ Եւ Առաջ Քրիստոնեաներու Պատասխանատուութիւնն Է»
Յիսուս Քրիստոսի աստուածապարգեւ Ծննդեան տօնին առիթով, ի ձայն ցնծութեան հրեշտակներուն հետ ձեզի կը փոխանցենք մեր հայրապետական պատգամը արհիապատիւ արքեպիսկոպոսներ, եպիսկոպոսներ եւ առաջնորդներ, պատուական հովիւներ, սարկաւագներ, առաքինազարդ կուսաններ, յարգարժան միութիւններու պատասխանատուներ եւ աշխարհի վրայ սփռուած մեր բոլոր բարեպաշտ հայ կաթողիկէ հաւատացեալներ:
«Փա՜ռք Աստուծոյ երկինքի բարձունքներուն մէջ,
եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ` բարի կամք ունեցող մարդոց» (Ղկ. 2,14)
Ամէն տարի, մեծ ուրախութեամբ կը յիշատակենք Ծնունդը մեր Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի, որ եկաւ աշխարհ խաղաղութիւն սփռելու համար մարդոց` ընտանիքներուն, հասարակութիւններուն եւ երկիրներուն մէջ: Նախորդ տարիներէն աւելի, այսօր կարիքը կայ շեշտը դնելու խաղաղութեան վրայ` նկատի առած ներկայ իրավիճակը, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ:
Խաղաղութիւնը շնորհ մըն է, որ Յիսուս մեզի կը պարգեւէ, երբ կ՛ըսէ. «Խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. զայն չեմ տար ձեզի, ինչպէս աշխարհը կու տայ» (Յովհ. 14,27):
Յիսուս մեզի նոր պատուիրան մըն ալ տուաւ, երբ ըսաւ. «Սիրեցէ՛ք զիրար: Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, այնպէս ալ դուք զիրար սիրեցէք», եւ կ՛աւելցնէ սա նշանակալի խօսքը. «Բոլորը ձեզ պիտի ճանչնան իբրեւ իմ աշակերտներս, եթէ դուք զիրար սիրէք» (Յովհ. 13, 34-35): Եկեղեցւոյ հիմնարկութենէն ի վեր այս է ամէն քրիստոնեայի պիտակը` ամէն մարդ սիրել, առանց բացառութեան: Ուստի, սէրը Յիսուսէն կը բխի եւ խաղաղութիւնը` սէրէն:
Ոչ ոք կ՛ուզէ կռիւ կամ խռովութիւն, եւ ամէն մարդ կը բաղձայ խաղաղ կեանք ունենալ: Արդ, խաղաղութիւնը սիրտէն կը սկսի եւ սիրով կը սնանի, եւ անկէ կը տարածուի մօտիկներուն ու հեռաւորներուն, եւ յատուկ կերպով անոնց, որոնք ամէնէն աւելի կարիք ունին խաղաղութեան, ընտանիքներուն մէջ` ամուսինին եւ կնոջ միջեւ, ազգականներուն մօտ` դրամական հարցերու պատճառով, ծանօթներուն միջեւ` նախանձի պատճառով, եւ օրինակները շատ են:
Խաղաղութիւնը, ինչպէս ըսի, Աստուծոյ պարգեւն է, բայց խաղաղութիւնը գոյացնելը նախ եւ առաջ մեր` քրիստոնեաներուս պատասխանատուութիւնն է: Մենք կոչուած ենք կամուրջ դառնալու` ուրիշներուն հասցնելու համար Աստուծոյ խաղաղութիւնը: Յիւսուս ըսաւ. «Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մտթ. 5,9): Յիսուս չըսաւ` երանի խաղաղասէրներուն, այլ` խաղաղարարներուն, այսինքն` երանի անոնց, որոնք կ՛աշխատին խաղաղութիւնը հաստատել հակառակորդ մարդոց միջեւ:
Յիսուսի քարոզած խաղաղութիւնը բոլորովին տարբեր է եւ կը հակասէ աշխարհի յառաջացուցած խաղաղութեան: Պատմութեան մէջ կը կարդանք Օգոստոս կայսեր խօսքը, որ կ՛ըսէ, թէ ինք խաղաղութիւնը հաստատեց աշխարհի վրայ իր զինուորական յաղթանակներուն շնորհիւ:
Կարելի է ըսել, թէ խաղաղութիւնը, որ Յիսուս Քրիստոս հաստատեց, ան ալ Անոր յաղթանակներուն շնորհիւ է: Բայց, Յիսուսի յաղթութիւնները չեղան թշնամիները սպաննելով, այլ` անոնց համար մեռնելով, ինչպէս որ Ս. Պօղոս կ՛ըսէ, թէ խաչի վրայ «Յիսուս յաղթեց մահուան», բայց չ՛ըսեր, որ Յիսուս սպաննեց թշնամիները:
Սիրելինե՛ր, քրիստոնէական գաղափարը խաղաղութեան մասին պէտք է տարածել նաեւ քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ: Յստակ է, որ միակ ճամբան խաղաղութեան հասնելու համար` թշնամական ոգին փարատելն է, եւ ոչ ինչպէս քաղաքագէտները կը մտածեն` թշնամիները սպաննել: Անոնք թշնամիներուն կը յաղթեն զէնքով, իսկ թշնամութիւնը կը յաղթուի տրամախօսութեամբ, համբերութեամբ եւ լուրջ աշխատանքով, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ վերջերս Միացեալ Նահանգներու եւ Քուպայի միջեւ` շնորհիւ նորին սրբութիւն Ֆրանչիսկոս սրբազան պապին միջամտութեան: Սովորաբար, քաղաքագէտներուն նպատակն է` թշնամին սպաննել: Բայց անոնք կը մոռնան, որ թշնամիներուն արիւնը ծնունդ կու տայ նորանոր թշնամիներուն, եւ այսպէս` փոխանակ թշնամիները կործանելու, անոնց թիւը հետզհետէ կը բազմանայ, ինչպէս որ ներկայ պարագաները մեզի ցոյց կու տան:
Խաղաղարար անձ դառնալու համար կարելի է ուրեմն դիմել նաեւ աղօթքի, երբ չենք յաջողիր համոզելու իրարու թշնամի ազգերը` տրամախօսութեամբ իրենց հարցերը լուծելու համար: Այս կէտին շուրջ պատմական դէպք մը տեղի ունեցաւ անցեալ տարի, երբ նորին սրբութիւն Ֆրանչիսկոս սրբազան պապը, Սուրիոյ դէմ հռչակուած պատերազմէն խուսափելու համար, յայտարարեց, որ Աստուածամօր ծննդեան տօնին նախօրեակը, սեպտեմբեր 7-ը, ըլլայ ծոմապահութեան եւ աղօթքի օր: Այդպէս ալ եղաւ: Եւ սրբազան պապին միացան ոչ միայն կաթողիկէները եւ բազմաթիւ քրիստոնեաներ եւ իսլամներ, այլ նոյնիսկ մեծ պետութիւններու ժողովուրդները: Արդիւնք` Անգլիա եւ Գերմանիա քաշուեցան, իսկ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին 62 առ հարիւրը քուէարկեց ի նպաստ սրբազան պապին խաղաղարար ծրագիրին: Եւ այսպէս, ծոմապահութիւնը եւ աղօթքը աւելի ազդու դարձան, եւ պատերազմի դիւային ծրագիրը ձախողեցաւ: Ահա՛, սիրելի՛ եղբայրներ, աղօթքի եւ ծոմապահութեան զօրաւոր եւ բարեբեր արդիւնքը:
Ուստի, սիրելինե՛ր, աղօթքը մեծապէս օգտակար է, բայց խաղաղութիւնը բանեցնելու համար անհրաժեշտ է պատերազմի պատճառները փարատել: Այս կարեւոր աշխատանքը յաջողցնելու համար, անհրաժեշտ է ներառել ամէն մարդ, նոյնիսկ ոչ քրիստոնեաները եւ ամէն բարի կամք ունեցող մարդիկը, որոնք պատրաստ են համագործակցելու ի նպաստ խաղաղութեան:
Յոյժ սիրելինե՛ր, Ս. Բեռնարդոս կ՛ըսէ, որ Յիսուս մեզի կը յայտնուի երեք անգամ` անգամ մը իր ծննդեան օրը` տկար մանուկի կերպարանքով, անգամ մը աշխարհին վերջին օրը` իբրեւ դատաւոր բոլոր մարդոց, եւ երրորդ անգամ` Յիսուս մեզի կը յայտնուի ամէն օր: Արդարեւ, Յիսուս ամէն օր մեր սրտի դուռը կը զարնէ: Ասոր համար, ամէն օր պէտք է արթուն ըլլանք Յիսուսին մտիկ ընելու` գիտնալու համար Իր կամքը` զայն կատարելու համար: Այսինքն, ինչպէ՞ս կարելի է աւետել մեր շրջանակի իւրաքանչիւր անձին, որ Յիսուս զինք կը սիրէ եւ ասոր համար Ան աշխարհ եկաւ, եւ այսօր մենք կը տօնենք Անոր Ծնունդը, եկաւ, որպէսզի մեզ ազատէ մեր ցաւերէն եւ մեզ փրկէ մեր մեղքերէն, եւ այս նպատակին համար Ան իր կեանքը զոհեց խաչին վրայ մեզի համար: Ոչ միայն, այլ նաեւ Ան մեզի բացաւ երկինքի դռները, որոնք փակ մնացած էին Ադամի եւ Եւայի մեղքէն ի վեր, մեզի համար տեղ պատրաստեց երկինքին մէջ, որպէսզի յաւիտեանս երջանիկ ըլլանք բոլոր իրեն հաւատացողներուն հետ:
Սիրելինե՛ր, կ՛արժէ ամէն օր մենք մեզի հարցնենք. արդեօք ես արթո՞ւն եմ Յիսուսի կոչին: Արդեօք իմ օրակարգիս վրայ Յիսուսին ժամանակ կ՛ընծայե՞մ աղօթելու եւ Իրեն մտիկ ընելու, կամ թէ այնքան ինքզինքս կը զբաղեցնեմ, որ ժամանակ իսկ չունիմ Յիսուսը լսելու եւ կեանքս Իր խօսքով լուսաբանելու, Իր ծրագիրը իմ վրաս ճանչնալու ու զայն գործադրելու եւ սուրբ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը շարունակելու: Նման հարցումներ կրնան զիս արթուն պահել Աստուծոյ կամքը ճանչնալու իմ կեանքիս իմաստը եւ կոչումը աւելի լաւ հասկնալու համար:
Յոյժ սիրելինե՛ր, Ծննդեան շրջանը մեզ կը կոչէ Աստուծոյ փառք տալու, որովհետեւ Աստուած բարի է, հաւատարիմ եւ ողորմած: Ան է մեր երկնաւոր Հայրը, որ մեզի պարգեւեց Իր Միածին Որդին` Յիսուս Քրիստոսը, որպէսզի մեր կեանքի ելեւէջներուն ընթացքին, զգանք, որ Աստուած մեզի մօտ է, որպէսզի զինք սիրենք, պաշտենք եւ Անոր փառք տանք: Ինչպէ՞ս: Մեր կեանքի բարի վկայութեամբ եւ Յիսուսին սէրը սփռելով մեր շրջանակին մէջ:
Երբ մսուրին դիմաց կ՛ամփոփուինք մանուկ եւ անզօր Յիսուսին առջեւ, յիշենք մեզի սորվեցուցած իր հետեւեալ խօսքը. «Սորվեցէ՛ք ինձմէ, որ սրտով հեզ եմ եւ խոնարհ, ու պիտի գտնէք հանգիստը ձեր հոգիներուն» (Մտթ. 11,29):
Ո՜վ սիրելի Յիսուս` տո՛ւր խաղաղութիւն մեր սրտերուն, բոլոր ընտանիքներուն, համայն աշխարհին, մանաւանդ անոնց, որոնք ամէնէն աւելի անձկութեան մէջ կ՛ապրին:
Ո՜վ սիրելի Յիսուս` տո՛ւր ընտանիքներուն, որ ապրին սուրբ ընտանիքի նման` պարզութեամբ, խոնարհութեամբ եւ Աստուծոյ փառաբանութեամբ:
Ո՜վ սիրելի Յիսուս` տո՛ւր նուիրեալ հոգիներուն, մանաւանդ այս տարի, որ սիրեն իրենց կոչումը եւ անոր հաւատարիմ մնան` ծառայելով զրկուածներուն, տառապեալներուն եւ քու սիրոյդ կարօտեալներուն:
Ո՜վ սիրելի Յիսուս` լեցո՛ւր մեր սիրտերը հեզութեամբ, խոնարհութեամբ ու քու աստուածային սիրովդ, եւ ըրէ՛, որ քու այդ սէրդ սփռենք մեր շրջանակին մէջ, որպէսզի ամէն անձ զգայ, որ Դուն ծնար եւ յայտնուեցար իրեն համար. ամէն:
Յիսուս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Օրհնեալ է Ծնունդը Յիսուսին: