Ծերունիներու Նուիրուած Նոր Տարուան Հաւաքոյթ

IMG_1741--123 դեկտեմբեր 2014-ին կայացաւ ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի հաւատարիմ ծերերու եւ Կաղանդ Պապուկի աւանդական հանդիպումը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ: Կանուխ ժամերէն անհամբեր սպասող եւ պահ մը մանկացած ծերունիները խանդավառ երաժշտութեամբ յագեցած մթնոլորտի մէջ պարեցին, երգեցին եւ, վերջապէս, ուրախ ծափերով եւ բացագանչութիւններով դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան: Կաղանդ Պապան իրենց հետ պարեց, ուրախացաւ եւ ուրախացուց ծերունիները, քաջալերեց եւ լաւագոյն մաղթանքներ ընելէ ետք մեկնեցաւ` այցելելու զինք սպասող ուրիշներու: Ապա ծերունիները հիւրասիրուեցան անուշապուրով եւ ստացան իրենց ամանորեայ համեղ ճաշը եւ Կաղանդ Պապուկին նուիրած գունաւոր, գեղեցիկ ծածկոցները: Ծերունիները մեկնեցան ուրախ, շնորհակալական ջերմ խօսքերով եւ ժպիտներով:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )