«Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկի Համայնքային Բարգաւաճման Ծրագիրի Տիկնանց Յանձնախումբի Ամանորի Տօնակատարութիւն
«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Համայնքային բարգաւաճման ծրագիրը աշխատանք կը տանի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շրջանի շէնքերու բնակիչներուն հետ` հիմնուելով մասնակցողական ու ժողովրդական սկզբունքներու վրայ, եւ կը փորձէ ի յայտ բերել շրջանի հաւաքական հարցերը եւ լուծումներ գտնել անոնց: Այս ծիրին մէջ գործող տիկնանց յանձնախումբը այս տարի եւս կազմակերպեց մանուկներու յատուկ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 26 դեկտեմբերին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ` մասնակցութեամբ 200 փոքրիկներու եւ իրենց ծնողներուն:
Տիկնանց յանձնախումբին անունով Զարուկ Իլանճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհաւորեց անոնց Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որոնք օգնեցին այս ձեռնարկին յաջողութեան: Ան յիշեց նաեւ տիկնանց յանձնախումբի անդամները, որոնց ժրաջան աշխատանքին միջոցով կարելի եղաւ Կաղանդի մանուկներու տօնակատարութիւնը կազմակերպել եւ ուրախացնել շրջանի փոքրիկները:
Գեղարուեստական յայտագիրի բաժինով «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը խանդավառեց փոքրիկները երգերով, պարերով եւ խաղերով ու ձեռնարկը աւարտեցաւ ժամանումովը «Կաղանդ պապուկ»-ին, որ իւրաքանչիւր փոքրիկի տուաւ իրեն վերապահուած նուէրը: