ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Շեփորախումբի Բարեսիրական Այցելութիւնները Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով
ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը այս տարի եւս նախաձեռնեց բարեսիրական այցելութիւններու շարքի մը` Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ առիթներով, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութեանց, ինչպէս նաեւ կարգ մը ՀՄԸՄ-ասէր բարերարներու:
Շեփորախումբը իր բարեսիրական այցելութիւններուն սկսաւ ուրբաթ, 26 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 8:30-ին, այցելելով Հայ ազգային բուժարան (Ազունիէ), ուրկէ խումբ մը ուղղուեցաւ դէպի ՔԱՀԼ: Զոյգ հաստատութիւններուն մէջ շեփորախումբը հրամցուց փունջ մը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան երգեր, ինչպէս նաեւ շարք մը ազգային երգեր` ընդառաջելով մամիկներուն եւ պապիկներուն փափաքին: Տօնական ճոխ եւ ուրախ մթնոլորտ կը տիրէր զոյգ հաստատութիւններուն մէջ, եւ սրտի մեծ գոհունակութիւն էր տեսնել մամիկներուն եւ պապիկներուն ուրախութիւնը: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը նպատակ ունի միշտ ուրախացնել երէց սերունդի ներկայացուցիչները եւ զգացնել, որ անոնք առանձին չեն, այլ կան իրենց մասին մտածողներ, որոնք պատրաստ են ժամանակ տրամադրելու իրենց: Շեփորախումբի անդամները աւետեցին Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը` ստանալով ծերունիներուն օրհնութիւնները: ՀՄԸՄ-ականները իրենց հետ տարած էին փոքր նուէրներ` տօնական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով:
Անկէ ետք շեփորախումբը շարունակեց իր երթը դէպի «Զուարթնոց» կեդրոն, որուն մուտքին դիմաւորուեցան կեդրոնի սաներուն կողմէ, որոնց համար նուագեցին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան երգեր: Շեփորախումբի անդամները իրենց հետ տարած էին նուէրներ, զորս բաժնեցին բոլոր սաներուն` մաղթելով, որ 2015 տարին ըլլայ խաղաղ տարի մը ամբողջ աշխարհի համար:
Ապա շեփորախումբը ուղղուեցաւ դէպի Պուրճ Համուտի հրապարակ, Արաքս փողոց, անոր զուգահեռ «Արին» կեդրոնի պողոտայ եւ Մարաշ փողոց, ուր դարձեալ տօնական ճոխ մթնոլորտի մը մէջ հրամցուց Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան յատուկ երգեր: Յատկանշական էր Մարաշ փողոցի ընդունելութիւնը, ուր տեղի ունեցաւ հրավառութիւն` իբրեւ գնահատանք շեփորախումբի նախաձեռնութեան: Շրջանի բնակիչները եւ անցորդները մեծ ուրախութեամբ ողջունեցին ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբի անդամները, որոնք խանդավառեցին Պուրճ Համուտի թաղամասերը` տօնական ջերմ մթնոլորտ ստեղծելով եւ բարձր պահելով ՀՄԸՄ-ին անունն ու ներկայութիւնը:
Պուրճ Համուտէն շեփորախումբը շարունակեց դէպի Ժտէյտի, ուր դիմաւորուեցաւ հրավառութեամբ եւ հիւրասիրուեցաւ Վազգէն Յակոբճեանի եւ անոր ընտանիքին կողմէ. հոն եւս խումբը նուագեց փունջ մը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յատուկ երգեր, ինչպէս նաեւ շարք մը ազգային երգեր:
Այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձաւ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ համագործակցութեամբ: Վերջինս իր սիրալիր ընդունելութեան կողքին ամէն տեսակի դիւրութիւն տրամադրեց շեփորախումբին, որպէսզի անիկա իր ծրագիրը իրականացնէ:
Այս առիթով շեփորախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին իր նախաձեռնութեան կարեւորութեան եւ նեցուկ կանգնեցան այս առաքելութեան յաջողութեան: