Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ. Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Տօնի Նշում` Մասնակցութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Սարկաւագաց Դասին
Հինգշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2014-ին, Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ սարկաւագներուն զոյգ տօներուն առիթով, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ թեմի սարկաւագաց դասը:
Արարողութեան նախագահեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը անդրադառնալով Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի կեանքին նկատել տուաւ, որ ան Աստուծոյ շնորհով եւ զօրութեամբ լեցուած անձնաւորութիւն մըն էր եւ իբրեւ տիպար սպասաւոր առանձնացաւ իր գործակիցներէն, դարձաւ եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսը եւ անոր տօնը մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կը նկատուի այն առիթը, որուն ընթացքին մենք յարգանք կ՛ընծայենք բոլոր անոնց, որոնք մեր եկեղեցւոյ սպասաւորութեան մէջ կ՛արդիւնաւորեն իրենց կեանքը:
«Մենք, որ մեր եկեղեցւոյ սպասաւորութեան մէջ կը գտնուինք, պէտք է մեր գործը ըլլայ համաձայն եւ ներդաշնակ սարկաւագութեան համար նախապայման եղող կարգ մը հոգեկան տրամադրուածութիւններու», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ պէտք է եկեղեցւոյ սպասաւորութեան գործին մէջ ըլլանք հաւատաւոր եւ մեր շուրջ տարածենք այն մթնոլորտը, որուն կարիքը ունի մեր եկեղեցին: «Մենք ի՞նչ ձեւով կ՛ըմբռնենք մեր ծառայութիւնը եւ ի՞նչ ձեւով մեր ունեցածը կ՛ընծայենք մարդկային ընկերութեանց», հարց տուաւ առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ եթէ կ՛ուզենք Ս. Ստեփանոսի յիշատակը պատուել, փորձենք Աստուածային այդ շնորհն ու զօրութիւնը քաղել իր կեանքի օրինակէն եւ իր արարքներուն ընդմէջէն: «Մենք չենք հաւաքուած այս եկեղեցւոյ մէջ պարզապէս յիշելու համար սուրբին անունը, այլ իր կեանքին ընդմէջէն` մեզի փոխանցուած կտակը», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը` շնորհաւորելով բոլոր սարկաւագներուն, դպիր-դպրուհիներուն եւ եկեղեցականներուն տօնը: