Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Ազիզիէ Շրջանի «Քասթաքի Հոմսի» Փողոցին Վրայ Գտնուող Հայաբնակ Շէնք Մը Թիրախ Դարձաւ Հրթիռակոծման

«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, զինեալ խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցող Ազիզիէ շրջանին մէջ գտնուող «Քասթաքի Հոմսի» փողոցին վրայ գտնուող «Քանարիա» խանութին դիմացի շէնքը:

Հայաբնակ շէնքին վրայ ինկած հրթիռը պայթեցաւ եւ պայթումին պատճառով քանդուեցան շէնքի վերի յարկերը, ինչպէս նաեւ նոյն շէնքի բնակիչներու եւ այլ դրացիներու ինքնաշարժներն ալ ջախջախուեցան:

Հրթիռակոծութեան հետեւանքով բարեբախտաբար ֆիզիքական ոչ մէկ վնաս կայ, սակայն նիւթական վնասներ արձանագրուեցան  շրջանի բնակիչներուն ինքնաշարժներուն, բնակարաններուն եւ խանութներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )