Իրան Մեծ Ռազմափորձեր Կը Կատարէ

1226_IranԻրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ իրանեան իշխանութիւնները յայտարարած են, որ երկրին մէջ սկսած են մեծ ռազմափորձեր` «Մուհամետ` Աստուծոյ առաքեալ» անուանումով:

Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ ռազմափորձերուն նպատակը երկրին  զինուորական հզօրութիւնը ցուցադրելն է:

Անոնք կ՛ընդգրկեն 2,2 քառակուսի քիլոմեթր տարածք եւ պիտի տեւեն վեց օր: Ռազմափորձերուն ընթացքին նաեւ պիտի փորձարկուի նոր զէնք:

Երէկ ընթացք առաւ նշեալ ռազմափորձերուն երկրորդ հանգրուանը:

Մինչ այդ, իրանեան աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հորմուզի նեղուցի արեւելքէն, Օմանի ծով, Հնդկաց ովկիանոսի մէկ մաս եւ մինչեւ Ատանի ծոցի հարաւը ներառող տարածքին վրայ երկարող ռազմափորձերուն նպատակը փոխանցելն է շրջանին մէջ քաղաքական, ապահովական ու տնտեսական զարգացումներուն շուրջ պատգամ մը` «առ որ անկ է»:

Աղբիւրները ռազմափորձերը կապեցին Իրաքի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի կազմութեան, քարիւղի գիներու անկումին, ինչպէս նաեւ Թեհրանի եւ Վեցեակի միջեւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններուն` նշելով, որ Իրան կը փափաքի իրանեան ջուրերէն դուրս իր ուժը ցուցադրել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )