Օպամա Յառաջիկայ Շաբաթ Աֆղանիստանի Մէջ Զինուորական Գործողութեան Աւարտը Պիտի Յայտարարէ

1226_ObamaՄիացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ յառաջիկայ շաբաթ Աֆղանիստանի մէջ իր երկրին ղեկավարած զինուորական գործողութեան աւարտը պիտի յայտարարէ:

Օպամա Հաուայի մէջ, ուր Ս. Ծննդեան արձակուրդը կ՛անցընէ, ամերիկացի զինուորներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Ամբողջ 13 տարի անդադար պատերազմի կացութեան մէջ գտնուեցանք»: Ան համոզում յայտնեց, որ «ամերիկեան զինուորական արշաւը աֆղաններուն համար իրենց երկիրը վերաշինելու առիթ ստեղծեց»:

«Աֆղանիստան դադրեցաւ ահաբեկչական գործողութեանց աղբիւր մը ըլլալէ», ըսաւ Օպամա` նշելով. «Տակաւին աշխարհի տարբեր շրջաններու, ներառեալ` Իրաքի մէջ դժուար առաքելութիւններ գոյութիւն ունին»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )