Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
2014-ԻՆ Լիբանանի տղոց գեղեցկութեան տիտղոսին արժանացած Ուիլիըմ Օպէյտ հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերուան ուշ ժամերուն զոհ գնաց արկածի մը, Սաատիէթի ճամբուն վրայ:
ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ նիստերու ընթացքին, նախարար մը իր անձնական բջիջայինով կը նկարէ (գաղտնօրէն) նախարարներու արտասովոր վիճակները (քնանալու պատրաստակամութիւն, կօշիկ հանել, յօրանջել…):
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատին` շնորհաւորական այցելութեամբ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն երէկ այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որուն հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր իրավիճակը` վերջին զարգացումներու լոյսին տակ:
18 ՆՈՐ դատախազներ երէկ կատարեցին իրենց երդման արարողութիւնը` ներկայութեամբ պետական, պաշտօնական, դատական եւ պատկան կողմերու ներկայացուցիչներու: Այս առիթով արտասանուեցան զանազան խօսքեր:

