Աւարտելով Սէուտական Արաբիա Կատարած Իր Այցելութիւնը`. «Սաատ Հարիրի Նախանձախնդիր Է Երկխօսութեան Յաջողեցման» Յայտարարեց Միւֆթի Տըրիան
«Լիբանան Սէուտական Արաբիոյ սրտին մէջ է եւ Սէուտական Արաբիոյ վեհապետը կը միտի հովանաւորել արաբական եւ յատկապէս միջլիբանանեան երկխօսութիւնը», յայտարարեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան` երէկ Սէուտական Արաբիայէն իր վերադարձին: Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ այս գծով ան տեսակցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ հանդիպումը խիստ արդիւնաւէտ եղած է: «Սաատ Հարիրի նախանձախնդիր է Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութեան յաջողեցման», ընդգծեց միւֆթի Տըրիան:
CATEGORIES Լիբանանեան

