Լաւատես Ու Յոռետես Կեցուածքներու Մթնոլորտին Մէջ. Նախագահական Ընտրութեան Հարցը` Առանցքային Նիւթ` Տօնական Խորհրդակցութեանց Ընթացքին

BKM_9548-MՀակառակ տօնական օրերու առթած արձակուրդի տրամադրութեանց, հեռու` առօրեայ քաղաքական հեւքի մթնոլորտէն, նախագահական ընտրութեան հարցը շարունակեց առանցքը կազմել տօնական շնորհաւորական խօսակցութեանց: Այս ծիրին մէջ, Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ անոր քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի, երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Պքերքէ, ուր մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, շնորհաւորութեանց կողքին, արծարծեց նաեւ օրուան հրատապ հարցերը, յատկապէս` նախագահական ընտրութեան հարցը: Այս առիթով Հըզպալլայի ներկայացուցիչը վերահաստատեց կուսակցութեան զօրակցութիւնը երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահական թեկնածութեան: «Երկրի ներկայ գերզգայուն պայմաններուն մէջ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յարմարագոյն թեկնածուն է` նկատի ունենալով անոր ատակութիւնը նման պատասխանատուութիւն մը վարելու», ընդգծեց Իպրահիմ Ամին Սէյիտ: Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի նախագահական բոլոր թեկնածուներուն նկատմամբ եւ թէ ինք ոչ ոքի նկատմամբ վեթօ ունի:

Նոյն ծիրին մէջ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան մօտալուտ նկատելով Աուն-Ժահժահ հանդիպումը, նշեց, թէ նախագահական օրակարգի կողքին, կան հասարակաց առաջնակարգ հարցեր, որոնք պիտի քննարկուին հանդիպումին ընթացքին, երկրի ընդհանուր իրավիճակի քննարկման առընթեր: Քանաան անհրաժեշտ նկատեց նման հանդիպումի կայացումը, ոչ միայն նախագահի հարցով այլեւ` յաճախակիօրէն:

1226_wadihԽազեն. «Աուն-Ժահժահ Հանդիպումը`
Տօներու Վաղորդայնին»

Նմանապէս, նախկին նախարար Ֆարիտ Խազեն խիստ հաւանական նկատեց Աուն-Ժահժահ հանդիպումի կայացումը տօնական օրերու վաղորդայնին: Պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին Խազեն նշեց, որ հանդիպումին պիտի արծարծուին հասարակաց առաջնակարգ հարցեր, ինչպէս` քրիստոնեաներու դիրքն ու դերը իշխանութեան մէջ եւ այլն, հեռու` նախագահական թեկնածուներու անուններու յայտարարութենէն: Խազեն լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ հանդիպումի արդիւնաւէտութեան գծով` խուսափելով հանդիպումի ճշգրիտ օրն ու թուականը յայտարարելէ, ապահովական պատճառներով:

Քաթիշա. «Գաղտնի Կապերը Կը Շարունակուին»

1226_Wahbeh-KatishaՄիւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի խորհրդականներէն` նախկին զօրավար Ուահպէ Քաթիշա յայտնեց, որ հանդիպումը պիտի կեդրոնանայ հրատապ հարցերու լուծման վրայ: Ան աւելցուց, որ այս գծով քուլիսներու ետին գաղտնի կապերը կը շարունակուին երկու կողմերու ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Այս կեցուածքները կու գան այն յայտարարութեանց մթնոլորտին մէջ, ըստ որոնց, 2015-ին (Լիբանանի) նախագահական ընտրութիւն չկայ: Մինչ այլ աղբիւրներ կը հաւաստեն, թէ մարտ 2015-ը վճռական ամիս է նախագահական ընտրութեան գծով:

Այս իմաստով կարգ մը կողմեր յոռետես են նախագահական ընտրութեան «թնճուկը» հարթելու կոչուած եւ միջլիբանանեան երկխօսութեան միտող հանդիպումներուն գծով:

Արդարեւ, Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ անհաւանական նկատեց երկխօսութեան թէ նախագահական ընտրութեան մօտալուտ կայացումը` «տրուած ըլլալով, որ անոնք կախեալ են շրջանային իրադարձութիւններու զարգացումէն, ուրկէ կ՛ուշանայ տակաւին կանաչ լոյսը»:

Նմանապէս, քուէյթեան «Անպա» թերթը «ոչ քաջալերական» որակեց Մուսթաքպալ-Հըզպալլա նախապատրաստական հանդիպումը Այն Թինէի մէջ` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեդրոնական Պէյրութի նստավայրի աղբիւրներուն վերագրելով իր տեղեկութիւնները:

Մինչ նոյն աղբիւրներուն մօտիկ եւ իրազեկ շրջանակներ Պեքաայի մէջ ապահովական վատթարացումի մտավախութեանց վերագրեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ճիգերը` փութացնելու Հըզպալլա-Մուսթաքպալ հանդիպումը, կանխարգիլելու նշեալ վտանգի հաւանականութիւնը:

Նոյն ծիրին մէջ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Նատեր Հարիրի, հինգշաբթի երեկոյեան այցելեց Պքերքէ եւ Պշարա Ռայի պատրիարքին փոխանցեց հանդիպումին տիրած մթնոլորտը:

Միջլիբանանեան Երկխօսութիւնը Հրամայական`
Դիմակալելու Ահաբեկչութեան Վտանգը

Քաղաքական իրազեկ ու հաւաստի աղբիւրներ հրամայական անհրաժեշտութիւն կը նկատեն միջլիբանանեան տարբեր կողմերու միջեւ մօտալուտ երկխօսութեան կայացումը` կանխարգիլելու համար ապահովական սպառնալիքներու հաւանականութիւնը: Արդարեւ, տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընեն, թէ մօտալուտ զինեալ ճակատում մը անխուսափելի է լիբանանեան բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ, որուն զինեալներուն թիւին 3500 նոր կռուողներ աւելցած են` վերջերս Արսալի բարձունքներէն «սպրդելով»:

Նոյն աղբիւրները կ՛աւելցնեն, թէ տօնական օրերու մթնոլորտէն օգտուելով, երբ բանակը լծուած կ՛ըլլայ երկրի ապահովութեան ամրապնդման միջոցառումներուն, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ յարձակում կրնան գործել Ռումիէի բանտին վրայ` «ազատագրելու» համար իրենց պահանջած իսլամական արմատական բանտարկեալները: Հոսկէ` վարչապետ Սալամի պնդումը ֆրանսական ուղղաթիռներու ստացման փութացման գծով` հակազդելու եւ «հարուածելու» ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES