Մահճուբեան. «2015-ին Ցեղասպանութեան Հարցը Լուծում Պիտի Չստանայ»

Էթիեն Մահճուբեան
«Արապիա» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հայազգի խորհրդական Էթիեն Մահճուբեան ԱՖՓ-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Թուրքիա եւ Հայաստան պէտք չէ ակնկալեն, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ հայերու զանգուածային սպանութեան վերաբերեալ երկարատեւ վէճը յառաջիկայ տարուան ընթացքին լուծում ստանայ»:
Մահճուբեան ըսած է. «2015-ը ծանր տարի պիտի ըլլայ տեղի ունեցած ողբերգութեան 100-ամեակին եւ ատոր յաջորդող իրադարձութիւններուն առումով»:
«Կը կարծեմ` այս տարի կարելի է խորհրդանշական քայլեր առնել եւ մտերիմ յարաբերութիւններ հաստատել: Սակայն քաղաքական ու պատմական հարցերու լուծումը պիտի մնայ եկող տարիներուն, որովհետեւ այդպէս աւելի լաւ պիտի ըլլայ», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետի խորհրդականը:
«Ապագայի համար Թուրքիոյ իշխանութիւններուն գլխաւոր նպատակներէն է յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի, ինչպէս նաեւ բազմամիլիոնանոց հայ համայնքին հետ, որուն ներկայացուցիչներէն շատերը Թուրքիոյ նկատմամբ ատելութիւն կը զգան», յայտնած է Մահճուբեան:
Միւս կողմէ, Մահճուբեան խօսելով Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մասին, յայտնած է, որ Թուրքիա մտադիր է անդամակցութեան հոլովոյթը շարունակելու: «Տարակարծութիւնը տեղի ունեցաւ, որովհետեւ Արեւմուտքը լաւապէս չի հասկնար Թուրքիան», ըսած է ան:
«Հակառակ Պրիւքսէլի հետ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ տեղի ունեցած ձերբակալութեանց շուրջ տարակարծութեանց, Թուրքիա կը ջանայ առաջնակարգ դերակատարութիւն ստանձնել», ըսած է Մահճուբեան` նշելով. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ խանդավառութենէ ու ինքնավստահութենէ մղուած է, չի կրնար Թուրքիան երկրորդական դերակատարութեան մէջ պատկերացնել: Ան կ՛ուզէ, որ առաջին շարքին վրայ ըլլայ` իբրեւ հաւասար գործընկեր»:

