Ճշմարիտեան. «Մենաշնորհները Չեն Սպառնար Հայաստանի Տնտեսութեան»

1226_garenՀայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան  նախարար Կարէն Ճշմարիտեան լրագրողներուն հետ երէկ զրուցելով յայտարարած է, թէ մենաշնորհները չեն սպառնար Հայաստանի տնտեսութեան:

«Այսօր աշխարհի երկրորդ տնտեսութեան, աշխարհի վեցերորդ տնտեսութեան մէջ կան մենաշնորհներ` պետական մենաշնորհներ, սեփական մենաշնորհներ», նշած է նախարարը:

Վերջին տարիներուն Համաշխարհային դրամատան, Միջազգային դրամատան ֆոնտի եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու մասնագէտները բազմիցս արձանագրած են, որ տնտեսութեան մէջ մենաշնորհներու գոյութիւնը կը խոչընդոտէ Հայաստանի տնտեսական զարգացումը:

Նոյն կարծիքը երէկ «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է տնտեսական մեկնաբան Հայկ Գէորգեան` աւելցնելով. «Ես կ՛ողջունեմ նախարարին այդ կարծիքը եւ կը կարծեմ, որ նախարարը կրնայ դասախօսութիւններ կարդալ համաշխարհային տնտեսութեան բարգաւաճման վերաբերեալ եւ անոր, օրինակ, արեւմտեան ունկնդիրները շատ կը զարմանան եւ կ’ուրախանան այդ պնդումներուն գծով»:

Երբ նախարարին հետ զրոյցին ընթացքին շարք մը ապրանքներու ներածման մենաշնորհներու  օրինակներ նշուած են, նախարարը իր խօսքին մէջ հետեւեալ ճշդումը կատարած է. «Ես չեմ ըսեր, որ մենաշնորհը լաւ բան է ընդհանրապէս: Խնդիրը այդ մենաշնորհի չարաշահումը արգիլելու մէջ է»:

Մինչդեռ, ըստ Հայկ Գէորգեանի, մենաշնորհ եւ  չարաշահում հասկացողութիւնները Հայաստանի մէջ  շատոնց  նոյնացած են. «Այդ երեւոյթին հետ մենք գործ ունինք շաքարաւազի պարագային, երբ Սամուէլ Ալեքսանեանի ներածած շաքարաւազի, այսպէս կոչուած, հումքը ընդհանրապէս չի մաքսազերծուիր, իսկ այլ ներածողները, որոնք սեփական արտադրութեան համար փոքր ծաւալներով կը բերեն, մաքսային գրասենեակը ատիկա կը հաշուէ 942 տոլար եւ ըստ այնմ տուրք կը ճշդէ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )