Բացի Թափանցումէն. Հակառակորդը Միջդիրքային Տարածքը Ականապատած Էր

1226_agan25 դեկտեմբերի գիշերը հակառակորդին կողմէ սահմանագիծի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ ձեռնարկուած հետախուզական գործողութիւնները վնասազերծելէ ետք` Արցախի պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերը հետախուզեցին ամբողջ առաջին գիծը. կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի  մամլոյ ծառայութիւնը` աւելցնելով, որ պարզուած  է, թէ բացի վերոնշեալ գործողութիւններէն, հակառակորդին յատուկ ջոկատայինները երկու ուղղութիւններով եւս (արեւելեան եւ  հիւսիսարեւելեան) հատած են հակամարտ ուժերու միջդիրքային տարածքը եւ ականապատած կարգ մը հատուածներ: Ձեռնարկուած գործնական միջոցառումներուն  շնորհիւ, տեղադրուած բոլոր ականները վնասազերծուած են: Ականազերծման գործողութիւններուն ընթացքին արտակարգ դէպքեր տեղի չեն ունեցած: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները կը շարունակեն վստահօրէն վերահսկել ամբողջ սահմանագիծը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )