Ըստ «Լ՛Էքիփ»-ի. Մանուէլ Նէօյըր` Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

1226_manuel_neuerՖրանսական «Լ՛էքիփ» մարզական օրաթերթին համաձայն, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր ընտրուեցաւ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:

Սակայն, տարուան լաւագոյն մարզիկի ընտրութեան ընթացքին Նէօյըր առաջին դիրքը զիջեցաւ ֆրանսացի աթլեթ Ռենօ Լիավիլնիին: Երրորդ դիրքը գրաւեց նորվեկիացի Պիաթլոնիստ Ուլէ-Էյնար Պիորտալեն:

Նշենք, որ Նէօյըր Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի եւ Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հետ կը պայքարի աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումին համար տեղի ունենալիք պայքարին:

Share this Article
CATEGORIES