Ռուսիոյ Աթլեթիզմի Հաւաքականը Պիտի Չմասնակցի Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք Եւրոպական Խաղերուն

1226_russiaԻնչպէս ծանօթ է, 12 – 28 յունիս 2015-ին Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենան եւրոպական առաջին խաղերը:

Իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, Ռուսիոյ աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Վալենթին Պալախնիչեւ ըսաւ, որ Ռուսիոյ աթլեթիզմի հաւաքականը պիտի չմասնակցի այս խաղերուն:

Պալախնիչեւ կը կարծէ, որ կազմակերպիչներուն համար չափազանց կարեւոր էր, որ եւրոպական խաղերու ծրագիրին մէջ ներառուած ըլլային նաեւ աթլեթիզմի մրցումները: Թէեւ համապատասխան որոշում ընդունուած է խաղերու կազմակերպիչներուն եւ Եւրոպայի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ, սակայն անոր մասնակցելու իրաւունք կը ստանան Եւրոպայի ամէնէն տկար հաւաքականներուն աթլեթները:

«Ես չեմ հասկնար այս իրավիճակը, որ ոմանք կը մասնակցին այդ խաղերուն, իսկ ուրիշներ` ոչ: Կու գամ ըսելու, որ մեր ռուս աթլեթները Պաքու պիտի չմեկնին», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Եւրոպայի աթլեթիզմի ախոյեանութեան երրորդ` ամէնէն ցած լիկային մէջ կը մտնեն հետեւեալ երկիրներու հաւաքականները. Սլովաքիա, Աւստրիա, Հայաստան, Իսրայէլ, Մոլտովա, Ազրպէյճան, Լիւքսամպուրկ, Վրաստան, Պոսնիա, Մալթա, Ալպանիա, Մակեդոնիա եւ Անտորրա:

 

Share this Article
CATEGORIES