Տօնական Օրերու Մթնոլորտին Մէջ. Քարաւաճիոյի Ս. Ծննդեան Տեսարանը Կամ` Գողցուած Գլուխ Գործոցի Մը Պատմութիւնը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Մանրամասնութիւն` Քարաւաճիոյի Ս. Ծննդեան տեսարանը պատկերող գեղանկարէն:

Մանրամասնութիւն` Քարաւաճիոյի Ս. Ծննդեան տեսարանը պատկերող գեղանկարէն:

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՆԻԿԱ ԾԱՆՕԹ Է ԻԲՐԵՒ 20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՈՃԻՐԸ: ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԻՏԱԼԱՑԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՔԱՐԱՒԱՃԻՈՅԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՆ ԳՈՂՈՒԹԵՆԷՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐ ԵՏՔ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՔՆՆԱԴԱՏ ԱԼԸՍԹԷՅՐ ՍՈՒՔ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԸ ՀԵՏԱԶՕՏԷ ԱՆՈՐ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ:

Միքելանճելօ Մերիզի տա Քարաւաճիօ` 17-րդ դարու ամէնէն ինքնատիպ իտալացի գեղանկարիչը 1608-ի աշնան բռնած էր փախուստի ճամբան:

Դիւրաբորբոք եւ մեծամիտ` Քարաւաճիօ տեւաբար կը վիճէր եւ կը կռուէր: Ան յոխորտալով կը քալէր` սուր մը կողքին եւ օր մը տաք կանկարներով լեցուն պնակ մը շպրտած էր սպասեակի մը դէմքին, ենթադրաբար այն պատճառով, որ զանոնք եփած էր կարագով եւ ոչ` ձէթով:

Այսուհանդերձ, նոյնիսկ իր սեփական հրաբորբոք նկարագիրին չափանիշներով, Քարաւաճիօ երկու տարի ետք անցած էր բոլոր սահմանները: Թենիսի խաղի մը առիթով ան կռուած էր բախտախաղի պարտքի մը պատճառով եւ` սպաննած մարդ մը: Նախքան ոճիրի յանցանքով ամբաստանուիլը խոյս տուած էր Հռոմէն եւ իր կարճատեւ կեանքին մնացեալ տարիները ապրած էր իբրեւ փախստական:

Այդ տարին, այսինքն` 1608-ի աշնան, կարճ ժամանակ մը Նափոլիի եւ Մալթայի մէջ ապաստանելէ ետք Քարաւաճիօ հասած էր Սիկիլիա, ուր ապրած էր շուրջ մէկ տարի` տեւաբար քնանալով սուրը կողքին եւ գծելով իր վերջին գլուխ գործոցները, ներառեալ` «Ս. Ծնունդ` Ս. Լորենզոյի եւ Սան Ֆրանչեսքոյի հետ» գեղանկարը:

Աւելի քան 350 տարի պաստառը կը ցուցադրուէր Փալերմոյի Սան Լորենզօ եկեղեցիին խորանին վերեւ, մինչեւ որ 1969-ի հոկտեմբերին փոթորկոտ գիշեր մը գողեր զայն դուրս բերին իր շրջանակէն: Այնուհետեւ 20 միլիոն տոլար արժող գեղանկարը անտեսանելի կը մնայ ոճրային ստորերկրեայ շրջանակներէն անդին: Անիկա մաս կը կազմէ Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան լուծումի սպասող արուեստի ոճրային գլխաւոր 10 հարցերուն: Այսօր խորանին վերեւ կը ցուցադրուի գեղանկարին աղօտ մէկ վերարտադրութիւնը, որ կորսուած գլուխ գործոցին ուրուականը կը թուի ըլլալ:

Արուեստի պատմաբան Տանիել Քարրապինօ, որ այս օրերուն գիրք մը կը գրէ Սիկիլիոյ մէջ Քարաւաճիոյի ապրած օրերուն մասին, կ՛ըսէ, թէ Ս. Ծննդեան տեսարանը պատկերող գեղանկարին անհետացումը «ահաւոր» վնաս պատճառած է արեւմտեան արուեստին: «Քարաւաճիօ միայն 39 տարեկան էր, երբ մահացաւ 1610-ին: Հետեւաբար ան բեղուն աւանդ մը չէ ձգած մեզի,- կը բացատրէ ան:- Իրօք, սակաւաթիւ գործեր ունինք իրմէ, շուրջ` 70 գեղանկար: Հետեւաբար, նոյնիսկ մէկ գեղանկարի կորուստը մեծ բաց մը կը ստեղծէ մեր դատողութեան մէջ»:

Ոչ Աւանդական Մօտեցումով

Ս. Ծննդեան տեսարանը պատկերող գեղանկարին լուսանկարները ցոյց կու տան, թէ Քարաւաճիօ, որ հռչակաւոր էր սովորական մարդիկը օգտագործելով իբրեւ բնորդ, քրիստոնէական աւանդական այս նիւթը միտումնաւոր կերպով պատկերած է ոչ աւանդական մօտեցումով:

«Գեղանկարը շատ թատերական է,- կ՛ըսէ Քարրապինօ:- Կը թուի, թէ Քրիստոս տկար նորածին մըն է` յարդին վրայ ինկած: Մայրը խառնաշփոթ վիճակ մը ունի եւ կը կրէ ծննդաբերութեան յոգնութիւնը: Տեսարանը կը պատկերէ ոչ միայն Փրկիչին ծնունդը, այլ նաեւ` մայր մը, որ նոր ծնունդ տուած է զաւկի մը: Տեսարանը մեր կեանքին հետ բաղդատելով` Քարաւաճիօ կը ձգտի հասնիլ աւելի լայն զանգուածներուն: Ան նոյնիսկ բաւարար տարածք վերապահած է ակնդիրին համար, որպէսզի ան մաս կազմէ պաշտամունքի տեսարանին եւ մասնակից զգայ իրադարձութեան: Ասիկա գեղանկարին նիւթին նկատմամբ շատ համեստ մօտեցում է:

Վերջերս, երբ արուեստի գողցուած գործերու մասին վաւերագրական ժապաւէն մը կը պատրաստէի «Պի. Պի. Սի.»-ի համար, ճամբորդեցի Փալերմօ` Քարաւաճիոյի պատկերած Ս. Ծնունդին մասին աւելին յայտնաբերելու նպատակով: Գեղանկարին գողութենէն ի վեր բազմաթիւ տարաձայնութիւններ լսուած են անոր ճակատագիրին վերաբերեալ:

Շատեր կը նշեն, թէ գեղանկարը ներկայացուած է Իտալիոյ գեղարուեստական թաքուն գանձերը արժեւորող պատկերասփիւռի յայտագիրի մը մէջ, որ սփռուած է գողութենէն կարճ ժամանակ առաջ: Ոմանք կը մտածեն, թէ ասիկա սրած է գողերուն հետաքրքրութիւնը` Քարաւաճիոյի գլուխ գործոցին յատկանշական բնոյթին նկատմամբ, հետեւաբար կարելի է ենթադրել, թէ անոնք պարզապէս պատեհապաշտ յանցագործներ էին:

«Այսուհանդերձ, գրեթէ բոլոր պատմութիւնները այս կամ այն ձեւով կ՛առնչուին ստորերկրեայ կազմակերպութիւններու հետ, որոնք դարձան գլխաւոր կասկածելիներ` գեղանկարին անհետացումէն անմիջապէս ետք», ինչպէս կ՛ըսէ Լուտովիքօ Ճիփեթթօ` հիմնադիրը Էքսթրոարթ կազմակերպութեան, որուն նպատակն է ապահովել վերադարձը արուեստի գողցուած գործերու: «Արուեստի գողցուած գործեր կը ծառայեն թմրեցուցիչ եւ զէնք գնելու: Նման գործերով կատարուած առուծախին գումարը կը յաջորդէ թմրեցուցիչի առուծախի գումարին»:

Տարիներու ընթացքին ստորերկրեայ կազմակերպութիւններու նախկին անդամներ խօսած են Քարաւաճիոյի «Ս. Ծնունդ»-ին ճակատագիրին մասին: Մէկը պատմած է, թէ գողեր այնքա՛ն վնաս պատճառած են գեղանկարին, երբ զայն դուրս բերած են իր շրջանակէն, որ զայն գողնալու հրահանգը տուած անձը սկսած է արտասուել: Այլ անձ մը պատմած է, թէ գեղանկարը պահուած է ագարակի մը մէջ, ուր առնէտներ եւ խոզեր կրծոտած են զայն, հետեւաբար ի վերջոյ հրկիզուած է: «Կամ ալ` գեղանկարը դրուած է երկաթէ սնտուկի մը մէջ, ամերիկեան տոլարի եւ թմրեցուցիչի հետ եւ պահուած` ստորերկրեայ նկուղի մը մէջ: Թերեւս գործածուած է ադամանդ գնելու համար Հարաւային Ափրիկէէն: Պատմութիւնները շատ են», կ՛ըսէ Քարրապինօ:

985xmas55

Քարաւաճիոյի դիմանկարը. գործ` Օթթաւիօ Լէոնիի:

«Քարաւաճիոյի գեղանկարին գողութեան մեկնաբանութիւնները բազմաթիւ են,- կ՛ըսէ Ճիովաննի Փասթորէ, որ մինչեւ 2011-ին իր հանգստեան կոչուիլը աշխատած է Իտալիոյ զինուորական ոստիկանութեան արուեստի գողցուած գործերու հարցեր հետապնդող ջոկատին հետ:- Այս մեկնաբանութիւններէն շատերը հիմնուած են կասկածելի տարաձայնութիւններու վրայ կամ` ոստիկանութեան կողմէ կատարուած ակնարկութիւններու, ապա վերածուած են երեւակայական պատմութեան, գրեթէ վէպի պէս»:

Արդեօք հաստատ տեղեկութիւն մը կրնա՞յ փոխանցել ան: «Իրականութիւն է, որ գեղանկարը դուրս բերուած է իր շրջանակէն: Արարքը գործուած է շեղբով: Կարելի է նաեւ ըսել, թէ գեղանկարը երբեք չէ հեռացած Իտալիայէն, որովհետեւ տարաձայնութիւններ գոյութիւնն չեն ունեցած միջազգային մակարդակի վրայ: Ինչ կը վերաբերի այն հարցին, թէ արդեօք անիկա փճացա՞ծ է, թէ՞ տակաւին կը գոյատեւէ, ապացոյցներ գոյութիւն չունին, այլ կան միայն տարաձայնութիւններ», կ՛ըսէ Փասթորէ:

Տարուէ տարի կը նուազի «Ս. Ծնունդ»-ը վերայայտնաբերելու յոյսը: Ինքնին Քարաւաճիօ հեռու չէր ոճրագործներու աշխարհէն: Սակայն անոր լուսավառ հանճարին մէկ արտայայտութիւնը խամրած կը մնայ Սիկիլիոյ ստորերկրեայ աշխարհին մթութեան մէջ: Ինչ կը վերաբերի Փասթորէի, այնքան ատեն որ փաստեր գոյութիւն չունին գեղանկարին փճացումին վերաբերեալ, ան պիտի շարունակէ հաւատալ, թէ անիկա տակաւին կը գոյատեւէ: «Կը շարունակենք մեր հետաքննութիւնը», կ՛ըսէ ան:

Քարրապինօ կ՛ապաւինի ոչ թէ փաստերու, այլ` յոյսին: «Չեմ ուզեր հաւատալ, թէ գեղանկարը փճացած է,- կ՛ըսէ ան: Մականցական զգացում մը կ՛ապրիս, երբ կը կանգնիս Քարաւաճիոյի մէկ գեղանկարին դիմաց: Այս զգացումը ապրելու առիթը չեմ ունեցած Ս. Ծնունդը պատկերող անոր գեղանկարին դիմաց. անիկա փազըլին կորսուած կտորն է», կ՛ըսէ ան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )