«Նիկոլ Դուման» Գիրքին Շնորհահանդէսը Արցախի Մէջ

1230nigoltouman1Դեկտեմբեր 23-ին Ստեփանակերտի «Եւրոպա» պանդոկի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Համլեթ Գէորգեանի «Նիկոլ Դուման» վերահրատարակուած գիրքին շնորհահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ապառաժ» կայքը:

Շնորհահանդէսին մասնակցած են` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, ուժային կառոյցներու ղեկավարներ, Ազգային ժողովի երեսփոխաններ, կառավարութեան անդամներ եւ մտաւորականներ:

Նիկոլ Դումանի մահուան 100-րդ տարելիցին նուիրուած գիրքը վերահրատարակուած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան գործավար Ժասմեն Պունիաթեանի հովանաւորութեամբ, իսկ Ստեփանակերտի մէջ գիրքին շնորհահանդէսը կազմակերպած էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն:

Համլեթ Գէորգեանի «Նիկոլ Դուման» գիրքը նուիրուած է հայ ազգային ազատագրական պայքարի նշանաւոր գործիչ Նիկողայոս Տէր Յովհաննիսեանին (Նիկոլ Դուման):

Գիրքին հեղինակը հայրենական պատմագրութեան մէջ առաջին անգամ արխիւային նորայայտ վաւերագիրներու, յուշագրութիւններու եւ մենագրութիւններու ուսումնասիրութեամբ եւ օգտագործումով ներկայացուցած է Նիկոլ Դուման ազգային գործիչին հսկայածաւալ ու հայրենանուէր գործունէութիւնը:

28 սեպտեմբեր 2014-ին լրացաւ հայ ազգային ազատագրական պայքարի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրեալներէն` Նիկոլ Դումանի մահուան 100-ամեակը:

Պատմական գիտութիւններու, դոկտոր,  փրոֆեսէօր Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան երեսփոխան Վահրամ Բալայեանի գնահատականով, կատարուած աշխատանքը այժմէական է մանաւանդ արցախցիներուն համար. «Նիկոլ Դումանի կատարած գործն այսօր էլ ապրում է հայութեան մէջ, մեր զինուորների մէջ, եւ դրա արդիւնքն է, որ մենք կարողանում ենք պետականութիւն ունենալ եւ սահման պահել: Համոզուած եմ, որ օրէցօր աւելի շատ խօսելով այդ մարդկանց մասին` մենք արժեւորում ենք այդ մարդկանց: Յարգանքի տուրքը մատուցելով Նիկոլ Դումանին` մեր երախտիքի խօսքը պէտք է յղենք այն բոլոր նահատակներին, ովքեր իրենց կեանքը նուիրաբերել են հայրենիքին, ազգային պետականութիւն ունենալուն», ըսած է ան:

«Որպէս պատմաբան` մեր ժողովրդին ներկայացրել եմ Նիկոլ Դումանին: Դումանին հնարաւոր չէ ոեւէ մէկի հետ համեմատել, նա իսկապէս մեծութի՛ւն է», ընդգծած է գիրքին հեղինակը` «Ապառաժ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին:

Հեղինակին խօսքերով, գիրքի ընթերցողներուն հիմնական բացայայտումը պիտի ըլլայ այն, որ հզօր ազգ ունենալու համար պէտք է օրինակ վերցնել Նիկոլ Դումանէն: Դումանի կերպարը կրնայ օրինակ ծառայել, թէ ինչպէ՛ս պէտք է երկիր ղեկավարել` ապահով եւ հզօր հայրենիք ունենալու համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )