ԼԻԶՊՈՆ… ՄԵՂԱ՜Յ…

27 յուլիս 1983: Ահա վերստին կը գտնուինք դէմ յանդիման ձեր արարքի յիշատակին: Ուժական արարք, որ հերոսապատումի դիպաշարէն զատուեցաւ իր տարողութեամբ, դրոշմով ու խորհուրդով: Քսանութ տարուան հեռաւորութենէ ինչպէ՞ս հաղորդուիլ այդ խորհուրդին:

Ձեզ անձամբ չճանչցողներս, յիշատակի ձեռնարկներէ եւ հոն կրկնուող բուռն պատգամներէ անդին, անհատաբար եւ հաւաքաբար ինչպէ՞ս շօշափենք արարքին վեհութիւնը: Ու ապա ինչպէ՞ս արժանին մատուցենք ձեզ, երբ ահա քսանութ անգամ հիւսուած է ձեր գովքը եւ վերանորոգուած` մեր ուխտը: Իսկ ի՞նչ է արժանին: Ի՞նչ կրնանք մատաղել մենք` պայքարի ճամբուն վրայ դողդոջողներս, ի սպաս կեանքն ու մահը հաւասարաբար հեգնած յաւերժի ասպետներուդ: Ցեղի դիցարանի է՛ն բարձրադիր գահերը գրաւած երկնաւորներուդ ի՜նչ պէտք հասարակ երկրաւորներուս աղօթքները, ձօներն ու… խոստումները:

Քսանութ տարուան հեռաւորութենէ, երբ պահ մը կը ճգնիմ անջատուիլ հայաշխարհի  առօրեայ տուայտանքի ճիրաններէն ու մտքով թռչիլ մերձակայքը գաղափարներու այն անջրպետին, որ նախ ծնաւ ու ապա անմահացուց ձեզ, փշուր մը նշխար` իբրեւ հաղորդութիւն ստանալու ձեր արնաշաղախ էութենէն, անզանցառելի ներկայութիւն մը կը մրճահարէ գիտակցութիւնս` յուշելով` խոստովանա՛նք, եւ ապա՛ միայն հաղորդութիւն: Խոստովանանք: Զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ:

«Մենք մինչեւ այն ատեն որ մեր հայրենիքին մէջ չենք, մինչեւ այն ատեն որ մեր հողերուն վրայ չենք, մենք բան մը չենք»: Ի փառս արցախեան դիւցազնամարտին, վերստին ե՛նք մեր հողերուն վրայ` Խաչէնի, Վարանդայի, Շուշիի… Սակայն անտէր են Գիւլիստանի կիրճերը:  Օտարուած է Փարւանան: Շղթայակապ են ալեակները Վանայ: Իրողապէս, տակաւին «բան մը չենք», մեր հայրենիքին մէջ չենք, թէկուզ այն պատճառով, որ այսօր հայրենի՛քը մեր մէջ չէ այնքա՛ն, որքան դուք պիտի ցանկայիք, որ ըլլայ: Մեղա՜յ:

«Հայու սուրբ արիւնով, հայու աշխատանքով, հայու ճամբով միայն հայրենիքը ետ կու գայ: Այո՛, հաւատքի պակասը կայ մեր մէջ, բայց մենք վճռած ենք քալել մեր ֆետայիներուն ճամբէն: Եթէ թուրքը չտայ մեր պահանջները (արդէն պիտի չտայ), մենք պիտի պայթինք»: Ձուլարանը, ուր ջրդեղուեցաւ պայթելու անսասան ունակութիւնը ձեր, ուր կոփուեցաւ այդ անխառն հաւատքը, յաւերժական կայկծկլտումով դեռ կը ճեղքէ յաւէտ ամպոտ երկնակամարը ազգիս: Գիտցէ՛ք, որ ցնցելով այդ շէնքը ու դառնալով խունկ ու ածուխ, թնդացուցիք նաեւ շատերու քարացած էութիւնը: Վանելով անոնցմէ կասկածի խլուրդը` դարձուցիք զանոնք նորաօծ հաւատացեալ: Դատի՛ հաւատացեալ: Սակայն ափսո՜ս. նման որեւէ վարդապետութեան, այդ հաւատքի սրբագործումն ու հաւատացեալներու անարատումը կը թուին կարօտիլ ձեր երկրորդ գալստեան…

«Մեր հողերու ազատագրումը պէտք ունի զոհողութեան: Ազատութեան դաշտը ծարաւ է: Միայն արիւնն է, որ կը ջրէ այդ ծարաւ դաշտը:… Շատ երիտասարդներ կան, որոնց երբ կը խօսիս հայրենիքի մասին, կ՛ըսեն, որ եթէ ժամանակը գայ, մենք պատրաստ ենք: Ժամանակը չի գար, երբ որ չմօտեցնենք մեզի: Ժամանակը միշտ մեզմէ առաջ կը քալէ»: Իսկ դուք, վաստակուած իրաւունքով մը, խախտեցիք ժամանակի ու տարածութեան օրէնքը, կամրջեցիք անցեալն ու ապագան: Քանզի այդ վերջին ակնթարթին ձեզի հետ էր խենթ մը` Սիւնին, ինքնի՛ն ականապատ, պատրաստ` գրկելու մահը: Ձեզի հետ էր Զարեհը, սուլթանին վիճակուած «դժոխային մեքենայի» պայթումը անձնուիրաբար ապահոված համեստ ֆետային: Նաեւ ձեզի հետ էին թշնամիի թիկունքին` Շահումեանի բարձունքներուն մահուան դէմ գուպարի ելած «Եղնիկներ»ը` նորօրեայ հայդուկները: Այսպէս, ոչ միայն արեամբ ամոքեցիք ծարաւը այդ դաշտին, այլեւ դարձաք առանցք: Առանցք` նման արեգակի, շուրջը թաւալող եւ անկէ իմաստ զգեցող հին ու նոր դէմքերով, դէպքերով ու գաղափարներով: Հուսկ, ոչ միայն «մօտեցուցիք ժամանակը», այլ հաստատեցիք նո՛ր ժամանակ: Ինչ խօսք, որ մնացողներս կը յամառինք չներկայանալ ձեր ժամադրութեան… Մեղա՜յ:

«Մենք ալ կը տեսնենք աշխարհի բարիքները, բայց կ՛ուզենք, որ մեզմէ ետք եկողները վայելեն այս բարիքները:… Այս գործը հաւատքով կ՛ընենք, եւ ոչ միայն հաւատքով, այլ` հոգեկան հանգստութեամբ…»: Չարչրկուող ձեր հոգիներուն յանգումը` յաւիտենական անդորրի, մեր միակ մխիթարանքը կը հանդիսանայ: Ձեր եսի՛ն հանդէպ գործելով եղեռն, անմնացորդ վերացաք, ինքնե՛րդ դառնալով անհատնում բարիք,  անդրաշխարհէն իսկ ճառագայթելով` յանուն հայ սերունդներու զգաստութեան: Ի՜նչ խօսք, որ ձեր կիզիչ ցոլքն իսկ մերթ անկարող է ծակելու շատերուս հոգիի թանձր խաւարը: Մեղա՜յ:

Համեստութեամբ ըսուած ձեր այս պատգամին մէջ կար նաեւ ակնբախ պահանջ-յանձնարարութիւն. «կը յուսամ, որ մեզմէ աւելի լաւերն ալ պիտի գան, մեզմէ աւելի գործեր պիտի ընեն»: Երկնային դատաւորներու փաղանգին միացած հինգիդ կը պատկանի դատելու յետնորդ սերունդներու ընտիրութիւնը: Ի պահանջեալ հարկին` չխորշեցաւ ազգս, ու ձեր արեան կայլակներուն հետքերով յաւերժութեան ճամբան գտան «լաւերը»` Վիգէնը, Մհերը, Կարօտը, Պետոն, եւ բիւր անուն հերոսներ: Հիմա հոն, յաւիտենականութեան մէջ եղբայրաբար վճռեցէք, թէ ո՞վ է ձեզմէ լաւն ու լաւագոյնը … իսկ հոս` խաղաղ երկնքի տակ, երբ ուժանակի որոտները պահ մը լռած են, մենք որքա՜ն պէտք ունինք շնչո՛ղ լաւերու, ուծացման պալարները հականեխող լիզպոնականներու…

Մեղայականի աւարտին, կը մնայ հայցել ձեր թողութիւնը: Թողութիւն, որ մեր կամքը յաճախ եղած է ոչ իսկ մօտ` ձեր կամքի վեհութեան: Թողութիւն, որ մեր սեւեռումը յաճախ շեղած է մեր պայքարէն եւ… ձեզմէ: Թողութիւն, որ ձեր անսակարկ նուիրաբերումէն մենք միայն մասամբ քաղեցինք աւիշ` ի նպաստ սերունդներու թրծման:

Մեղայականի աւարտին, մենք նաեւ կը յանդգնինք հայցել ձեր համբերութիւնը: Մեր Դատը, արեա՛ն Դատը, մենք տակաւին կը հասցնենք երանելի աւարտի: Մենք իրաւունք չունինք վհատելու ու բարոյալքուելու,  որովհետեւ… որովհետեւ այդ իրաւունքը խլեցիք մեզմէ դո՛ւք, ձեր արարքի ահագնութեամբ, ձեր տեսակի առկայութեամբ: Մենք պիտի յաջողինք, որովհետեւ դուք եղա՛ք:

ԼԵՒՈՆ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES