«Յարաբերութեանց Բարելաւումին Համար` Թուրքիան Պէտք Է Եգիպտոսի Մէջ Մարդկային Իրաւանց Բարելաւում Տեսնէ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Մեւլութ Չաւուշօղլու

Մեւլութ Չաւուշօղլու

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ 25 դեկտեմբերին ուղղակի սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Անգարա կ՛ուզէ Գահիրէի հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւել, սակայն Եգիպտոս պէտք է քայլեր որդեգրէ «մարդկային իրաւանց բռնաբարումներուն վերջ տալու համար»:

«Արեւմտեան երկիրներ, ինչպէս նաեւ Ծոցի կարգ մը երկիրներ կ՛ըսեն, որ Եգիպտոսի հետ մեր յարաբերութիւնները պէտք է վերականգնուին, եւ մենք կ՛ըսենք` կրնան վերականգնուիլ», նշած է ան:

«Մենք Եգիպտոսի ժողովուրդին հետ որեւէ հարց չունինք: Մեր առարկութիւնը զինուորական յեղաշրջումին միջոցով իշխանութեան տիրացած Սիսիի կառավարութեան կողմէ եգիպտացի ժողովուրդի բռնաճնշումն է», ըսած է Չաւուշօղլու:

Ան վերահաստատած է Եգիպտոսի մէջ զանգուածային դատավարութեանց եւ ընդդիմութեան անդամներու դէմ արձակուած մահապատիժի վճիռներուն նկատմամբ թրքական կառավարութեան առարկութիւնը: «Հազարաւոր մարդոց զանգուածային սպանութեան նկատմամբ լո՞ւռ պիտի մնանք», հարց տուած է ան:

Բայց եւ այնպէս, Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը չէ բացառած երկու երկիրներուն միջեւ հաշտութեան կարելիութիւնը եւ կրկնած է այդ հաշտութիւնը գոյացնելու համար մէկ օր առաջ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ յայտարարուած նախապայմանները: «Եթէ եգիպտական կառավարութիւնը ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ քայլերու դիմէ եւ վերջ տայ մարդկային իրաւանց բռնաբարումներուն ու բռնաճնշումին, անշուշտ Եգիպտոսի հետ մեր յարաբերութիւնները կը բարելաւենք: Սակայն, նախ եւ առաջ այս քայլերուն գործադրուիլը տեսնենք», նշած է ան:

Չաւուշօղլու նաեւ յայտնած է, որ երկու կողմերուն միջեւ որոշ մակարդակի վրայ երկխօսութիւն հաստատելու համար կարգ մը նախաձեռնութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն յաւելեալ մանրամասնութիւններ չէ փոխանցած:

Չաւուշօղլուի յայտարարութիւններէն մէկ օր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ յայտնած էր, որ Եգիպտոսի հետ Թուրքիոյ երկկողմանի յարաբերութիւնները «կը բնականոնանան, եթէ այդ երկիրը պատշաճ կերպով վերադառնայ ժողովրդավարութեան եւ եթէ եգիպտոսի ժողովուրդի ազատ կամքը արտացոլայ քաղաքականութեան ու ընկերային կեանքին մէջ»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )