Հրդեհ Յունաստանի Մօտ Ճամբորդատար Նաւու Մը Վրայ
Նաւեր եւ ուղղաթիռներ կը մասնակցին փրկարար աշխատանքներուն 478 ճամբորդներ փոխադրող իտալական նաւու մը, որուն վրայ հրդեհ ծագած էր, երբ Քորֆուէն 40 մղոն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր:
«Նորմըն Աթլանթիք» նաւը կը նաւարկէր Յունաստանի մէջ Փաթրաս քաղաքէն դէպի Տալիոյ Անքոնա քաղաքը: Օդերեւութաբանական վատ պայմանները արգելք կը հանդիսանան փրկարար աշխատանքներուն:
Մինչեւ օրաթերթի լոյս տեսնելը, յոյն եւ իտալացի պաշտօնատարներ յայտնած էին, որ յաջողած են փրկել 161 ճամբորդներ: Թէեւ նաւը կը փոխադրէր մեծամասնութեամբ յոյն ճամբորդներ, սակայն անոնց շարքին են նաեւ իտալացիներ, թուրքեր, ալպանացիներ, գերմանացիներ եւ այլ երկիրներու քաղաքացիներ:
CATEGORIES Միջազգային