«Եգիպտոսի Մէջ Օրէնքի Երկրի Կանոններու Գործադրումը Պիտի Փոխէ Անոր Հետ Մեր Յարաբերութիւնները» Ըսաւ Տաւութօղլու

Ահմեթ Տաւութօղլու
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ ինք կը մաղթէ, որ Եգիպտոսի մէջ օրէնքի երկրի յարիր կանոնները գործադրուին եւ ժողովուրդին կամքը իսկական կերպով արտացոլող քաղաքական հոլովոյթ մը որդեգրուի: Ան նշեց, որ այդ պարագային երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պիտի փոխուին:
Տաւութօղլու նշեց, որ իր երկիրը յեղաշրջումի ճամբով իշխանութիւն ստանձնող կառավարութիւնը օրինական չի նկատեր` աւելցնելով, որ իր կառավարութիւնը Եգիպտոսի եւ անոր ժողովուրդին հետ հարց չունի, այլ` բռնարարքներ գործող կառավարութեան մը հետ: «Այս հարցը մեզի համար սկզբունքային է», ըսաւ ան:
CATEGORIES Միջազգային