Ինտոնեզիայէն Դէպի Սինկափուր Թռիչք Կատարող Օդանաւի Մը Հետքը Կորսուեցաւ

1228_AirAsia162 ճամբորդներ փոխադրող «ԷրԷյժա Ինտոնեզիա» օդանաւային ընկերութեան պատկանող եւ Ինտոնեզիայէն դէպի Սինկափուր թռիչք կատարող օդանաւի մը հետքը կորսուեցաւ:

Թռիչքներու երթեւեկին հետեւողները ժամը 06:24¬ին կորսնցուցին անոր հետ կապը, երբ ան կը գտնուէր Սուրապայա քաղաքէն երկու ժամ հեռաւորութեան վրայ:

Շրջանին մէջ օդերեւութաբանական պայմանները շատ վատ էին: Անմիջապէս օդանաւերով եւ նաւերով փնտռտուքներ ընթացք առին: Օդանաւը Սուրապայա քաղաքէն ճամբայ ելած էր ժամը 05:35¬ին եւ Սինկափուր պէտք էր հասնէր ժամը 08:30¬ին:

Կը հաղորդուի, որ օդաչուն խնդրած է թռիչքի ճամբէն «շեղիլ» թանձր ամպերէն փախուստ տալու համար, ինչպէս նաեւ խնդրած է 11,000 մեթրի բարձրանալ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )