Ճատրակ. Այնի Միջազգային Մրցաշարք. Տիգրան Պետրոսեան Գրաւեց 2-րդ Դիրքը
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ամէնէն յաջող արդիւնքը արձանագրեց Տիգրան Պետրոսեան, որ 7 կէտ ապահովելով լրացուցիչ ցուցանիշներով գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Արման Փաշիկեան 6,5-ական կէտ ապահովելով յաջողութեամբ գրաւեցին 11-րդ եւ 12-րդ դիրքերը:
Տիտղոսին տիրացաւ Կայոց Նիկալիծէ (Վրաստան), որ իր կարգին ապահովեց 7 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

