Հայաստանի Լաւագոյն Մարզիկներուն Մեծարման Երեկոն

1228_paravonՇաբաթ, 27 դեկտեմբերին, «Փարաւոն» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին ամանորեան հանդիսութիւնը:

Աւանդական այս հանդիսութեան մասնակցելու համար հրաւիրուած էին մարզական շարք մը ֆետերասիոններու ներկայացուցիչները եւ մարզաշխարհի բազմաթիւ անդամներ:

1228_paravon-1Հանդիսութեան սկիզբը, ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսանիւթ մը, որմէ ետք տարուան լաւագոյն մարզիկը` Արթուր Ալեքսանեան, նուէր ստացաւ բնակարան մը, Արսէն Ջուլֆալակեան` «Հիունտայ» տիպի ինքնաշարժ մը, իսկ մնացեալները` «Լատա» վաճառանիշը կրող ինքնաշարժներ:

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին կողմէ նիւթական պարգեւներու արժանացան Չինաստանի Նանճինկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած պատանեկան ողիմպիական խաղերուն ընթացքին մետալներու տիրացած մարզիկները եւ հաւաքականին մարզիչները:

1228_medzarankՅիշեցնենք, որ Նանճինկի մէջ, Հայաստանի մարզիկները տիրացան 7 մետալներու, որոնցմէ երկուքը` ոսկի:

Պարգեւատրուեցան նաեւ խուլերու եւ համրերու ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան հայ մրցանակակիրները եւ մարզիչները:

1228_dzarougyanԻր խօսքին մէջ Գագիկ Ծառուկեան ի միջի այլոց ըսաւ. «2014-ին մենք ունեցանք 187 մետալ, ինչ որ մեր ազգին համար հպարտութիւն է, որ մենք աշխարհին ցոյց տանք մեր ներուժը: Այդ բոլորը մեր ազգին ճանաչում եւ հպարտութիւն կու տան: Բոլորդ ալ տեսաք, որ այս տարի յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան 8 ոսկի մետալներէն 2-ը նուաճեց Հայաստան:

«Թող 2015-ը ըլլայ յաղթանակներու, առողջութեան եւ յաջողութեան տարի մը: Մեր մարզիկները ամէն տեղ վստահ թող ըլլան, որ պիտի յաղթեն եւ բերկրանք պարգեւեն մեր ժողովուրդին»:

Նշենք, որ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան իր կարգին հանդէս եկաւ շնորհաւորական ուղերձով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագիրներով պարգեւներ յանձնեց շարք մը անձերու:

Այս տարի այս հանդիսութեան ներկայ չէին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )