ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒՆ ԱՅԺՄՈՒ ԹԻՒԸ` 109

Ինչպէս ծանօթ է, 13-21 օգոստոսին Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան պիտի հիւրընկալէ Համահայկական 5-րդ խաղերը:

«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Համահայկական 5-րդ խաղերու կազմակերպչական կոմիտէն ըսած է, որ այժմու տուեալներով մասնակցող քաղաքներուն թիւը 109 է: Սակայն այդ թիւը վերջնական չէ` նկատի ունենալով, որ այդ քաղաքներուն վրայ բնականաբար պիտի աւելնան ուրիշներ ալ:

Համահայկական խաղերու միջազգային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի կարծիքով, խաղերուն մասնակցող մարզիկներու թիւը պիտի գերազանցէ 3000-ը:

Նշենք, որ այս Խաղերուն մրցումները տեղի պիտի ունենան Երեւանի, Արտաշատի եւ Աբովեանի մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES