ՀԱՅ ՍՈՒԶՈՐԴՆԵՐԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆԻՇ ՀԱՍՏԱՏԵՑԻՆ` ՍՈՒԶՈՒԵԼՈՎ ԱՐԱԳԱԾ ԼԵՐԱՆ ՔԱՐԻ ԼԻՃԻՆ ՅԱՏԱԿԸ

26 յուլիսին Երեւանի մէջ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Այաս» ակումբի նախագահ, «Կիլիկիա» նաւու նաւապետ Կարէն Փալայեան բացատրութիւններ տուաւ, թէ ի՛նչ ձեւով հայ սուզորդները միջազգային մրցանիշ հաստատեցին` սուզուելով Արագած լերան Քարի լիճին յատակը:

«Թէեւ Հայաստան շատ հարուստ է լիճերով, սակայն անոնք բոլորն ալ ուսումնասիրուած չեն: Քանի մը օրեր առաջ մենք սուզուեցանք Արագած լերան Քարի լիճին յատակը: Նշենք, որ անիկա լեռնային լիճ մը ըլլալով, անոր մէջ սուզուիլը բաւական դժուար է: «Այաս» ծովային հետազօտութիւններ կատարող ակումբը եւ հայ «Էքսթիմ» հասարակական կազմակերպութիւնը, Ռաֆայէլ Մկրտչեանի գլխաւորած արշաւախումբին շնորհիւ, 21 յուլիսին միջազգային մրցանիշ մը հաստատեց` սուզուելով ծովուն մակարդակէն 3207 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող Արագած լերան Քարի լիճին յատակը», յայտարարեց Կարէն Փալայեան:

Իսկ Ռաֆայէլ Մկրտչեան յայտարարեց. «Սուզուած մնացինք 1 ժամ եւ 20 վայրկեան` ուսումնասիրելով լիճին շուրջ 70 առ հարիւրը: Սուզուելու միջոցին ջուրին մակերեսին ջերմաստիճանը +5 էր, իսկ յատակինը` + 3, ինչ որ կը նշանակէ բաւական ցուրտ էր: 15-20 տարի առաջ լիճը ամբողջութեամբ սառած էր: Այդ իսկ պատճառով անոր կենդանական աշխարհը հարուստ չէր: Հազիւ քանի մը ձուկերու հանդիպեցանք»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES