Լիբանանի Երաժշտական Դպրոցի «Քենտըլլայթ Քարոլզ» Երաժշտական Համոյթը
Հովանաւորութեամբ Քարլ Կոտրեսի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի երաժշտական դպրոցին, շաբաթ, 27 դեկտեմբեր 2014-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առիթով տեղի ունեցաւ «Քենտըլլայթ Քարոլզ» երաժշտական համոյթը, Ժալ Էլ Տիպի հանրային պարտէզին մէջ:
Բացման խօսքը արտասանեց ուսուցչական կազմէն Հրայր Չիլափոշեան: Ան ողջունելով ներկաները` բարի գալուստ մաղթեց անոնց` երաժշտանոցին ութերորդ ամանորեան երգահանդէսին գտնուելնուն համար: Ան մէջբերումներ կատարեց Քրիսթինա Փափազեանի խօսքերէն, որ ստեղծած է Լիբանանի երաժշտական դպրոցը եւ կը տնօրինէ զայն մինչեւ օրս: «Պէտք է կրթել երիտասարդները` պայծառ ապագայ մը ունենալու համար: Իսկ երիտասարդին արուեստով ներգրաւելը կարեւոր դեր կը խաղայ ճանչնալու եւ գնահատելու անձնական եւ տարբեր մշակոյթներու արժէքները»:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնց տքնաջան աշխատանքով յաջողութեամբ պսակուեցաւ այս համոյթը` անգամ մը եւս իրականացնելով երաժշտանոցին երազը:
Յաջորդաբար կարճ տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ ներկայացնելու համար Լիբանանի երաժշտական դպրոցի պատմականը եւ անոր չորս հիմնական ճիւղաւորումները, որոնք են` երաժշտութեան, թատրերգութեան, գծագրութեան եւ պարի բաժինները:
Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց ընտիր ստեղծագործութիւններ, զորս ներկայացուցին երաժշտանոցին աշակերտները` իրենց իւրայատուկ ոճով եւ տարբեր գործիքներով:
Մայեսթրօ Կարօ Աւէսեան արտասանեց իր սրտին խօսքը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հովանաւորին` Քարլ Կոտրեսիի, որ կամաւորաբար իր մասնակցութիւնը բերաւ: Ան նաեւ կարճ տեղեկութիւն մը տուաւ «ֆէյսպուք»-ի վրայ տարածուած մրցումի մը մասին, զոր կազմակերպած էր երաժշտանոցը, ապա հրաւիրեց այդ մրցումին յաղթողները` անոնց նուիրելով տարբեր երաժշտական գործիքներ, զորս տրամադրած էր օրուան հովանաւորը:
Երաժշտական համոյթը փակուեցաւ խմբային երգով մը, մաղթելով ներկաներուն բարեբեր Նոր տարի մը:

