Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոց. «Բարեւ Փոքրիկներ» Խումբը Երկու Ելոյթներով Հանրութեան Ներկայացուց «Բիկուլիկ» Թատերախաղը

1229_pigՀովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցին, անցնող շաբաթավերջին «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը հանրութեան ներկայացաւ «Բիկուլիկ» երաժշտախառն թատերախաղով:

Արդարեւ, շաբաթ, 27 եւ կիրակի, 28 դեկտեմբերին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը լեցուն էր մանուկներով, պատանիներով եւ անոնց ծնողներով, որոնք եկած էին վայելելու «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը, որ այս տարի եւս իր բազմազան տիպարներով, ինչպէս` Բիկուլիկը, Տուտուն,  Անին, Դալարը, Առիւծը, Արջուկը, Փիղուկը, Կապիկը, յաջողեցաւ աղօթելով յաղթել չարին (չար պառաւին) եւ վերադարձնել տօնական մթնոլորտը, անշուշտ մեծ խանդավառութիւն  ստեղծելով սրահին մէջ:

Զոյգ ելոյթներուն, Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններուն անունով խօսք առաւ Լիզեթ Գաբրիէլեան: Ան նշեց, որ 2014-2015 տարեշրջանը կը զուգադիպի կիրակնօրեայ վարժարաններուն 85-ամեակին` աւելցնելով, որ կիրակնօրեայ դպրոցին հիմնական նպատակն ու առաքելութիւնը մանուկին քրիստոնէական առողջ դաստիարակութիւն ջամբելն է: Անդրադառնալով 2010-ին կեանքի կոչուած «Բարեւ փոքրիկներ» խումբին` ան նկատել տուաւ, որ անոնց մեծամասնութիւնը կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչներ եւ աշակերտներ են եւ իրենց նպատակն է ժպիտ մը գծել հայ մանուկի դէմքին վրայ:

Կիրակի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Բիկուլիկ» թատերախաղը ներկայացուեցաւ կիրակնօրեայ վարժարաններուն  համար: Ելոյթին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ տնօրէն Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան եւ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան:

Սրբազանը իր սրտի խօսքին մէջ յորդորեց մանուկներուն միշտ յաճախել կիրակնօրեայ վարժարան եւ գնահատեց նախաձեռնութիւնը: Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին բարեմաղթութիւնները  եւ կոչ ուղղեց աղօթելու, որ կարիքաւոր եւ ապահովական վատ պայմաններու մէջ ապրող  մանուկները եւս կարենան կաղանդ տօնել եւ ապրիլ տօնական մթնոլորտ: Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան անդրադարձաւ կիրակնօրեայ վարժարաններու առաքելութեան` իբրեւ դաստիարակչական-ուսումնական օճախ եւ հոգեւոր սնունդ ջամբող դպրոց:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )