«Սօսի» Յիշատակի Ֆոնտին Հովանաւորութեամբ . Նիւթական Պարգեւներ` «Անսխալ Գրենք» Մրցումին Մասնակցած 55 Աշակերտներու

1229_bzdig-mzdig-2Երէկ` երկուշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:40-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը եռուզեռի մէջ էր. հոն հաւաքուած էին «Անսխալ գրենք» մրցումին մրցանակակիրները` իրենց ծնողներով:

Բարի գալուստի խօսքը «Ազդակ»-ի «Պզտիկ-Մզտիկ» մանկապատանեկան յաւելուածին անունով արտասանեց Սրբուկ Ճենանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք միշտ սատար կանգնած են «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմի կազմակերպած ձեռնարկներուն. գնահատական խօսքեր ուղղուեցան նաեւ ծնողներուն, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են իրենց զաւակներուն` մասնակցելու նմանօրինակ ձեռնարկներու: Հաւաքական աշխատանքի պտուղն են այսօրուան 55 մրցանակակիրները` ժամանած հայկական զանազան վարժարաններէ, ինչ որ ապացոյց է, որ «Պզտիկ-մզտիկ»-ը առաքելութիւնը` պահել ու պահպանել մայրենին ու զայն գրել անաղարտ ձեւով, բաւական յաջողութիւն արձանագրած է: Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղուեցաւ «Պզտիկ-մզտիկ»-ի հովանաւորող «Սօսի»-ի յիշատակի ֆոնտին:

1229_bzdig-mzdigԱպա Ճենանեան հրաւիրեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը` իր խօսքը ուղղելու: Գանտահարեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր դպրոցներուն տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, որոնք անսակարկ կերպով նեցուկ կը կանգնին հայ մանուկին հայեցի կրթութիւն ու գիտելիք ջամբելու աշխատանքին, ինչ որ ուրախալի երեւոյթ է, երբ ի մտի կ՛ունենանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Ճիշդ է, որ տագնապներ կան, կը խօսինք անոնց մասին, կը տառապինք, սակայն երբ կը տեսնենք այս փաստը, թէ կան փոքրիկներ, որոնք կը սիրեն ու կը կատարելագործեն իրենց մայրենին, ատիկա կ՛ուրախացնէ մեզ, իսկ մեր այսօրուան այս խորհուրդը իր լրումին կը հասնի մրցանակակիրներուն նիւթական պարգեւով, որ կը հովանաւորէ ու կը տրամադրէ յայտնեց «Սօսի» յիշատակի ֆոնտը: Այս առիթով Գանտահարեան յատուկ շնորհակալութիւն «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին եւ նշեց, որ 2005-ին ապրիլ 24-ի առիթով «Պզտիկ-մզտիկ»-ի հրատարակած «Երազս է» գրքոյկին մէջ այսօր երիտասարդ դարձած այդ օրերուն փոքրիկներուն գրութիւնները կը կարդանք, կը տեսնենք, թէ մեր փոքրիկները ճիշդ ու խորունկ ձեւով ըմբռնած ու հասկցած են Հայ դատի գաղափարախօսութիւնը, ուրեմն մեր դպրոցներուն ու ծնողներուն, ինչպէս նաեւ «Պզտիկ-մզտիկ»-ի աշխատանքները հայեցի դաստիարակութեան ու կրթութեան իմաստով յաջողութիւն արձանագրած են եւ ճիշդ հունի մէջ կը գտնուին, իսկ ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ տարուան` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, վստահ, որ «Պզտիկ-մզտիկ»-ը համապատասխան ծրագիր կ՛ունենայ: Գանտահարեան Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով ներկաներուն մաղթեց բարի տարի ու յաջողութիւն:

Ապա «Ազդակ-ի տնօրէնը եւ «Սօսի» ֆոնտի ներկայացուցիչը մրցանակները բաշխեցին փոքրիկներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )