Ցեղասպանութեան Հարցով Նոր Դատ` Ֆրանսայի Մէջ

1229_icc«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ թրքական օրաթերթեր հաղորդած են, որ Ֆրանսայի մէջ նոր դատ մը պիտի բացուի Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ: Թուրք ընտանիք մը, որուն զաւակը կ՛ուսանի ֆրանսական նախակրթարանի մը մէջ, որոշած է դատ բանալ դասագիրքերուն մէջ «հայկական պնդումներուն» դէմ բողոքելու համար: Այդ թուրք ընտանիքին անունը տակաւին գաղտնի կը պահուի, սակայն յայտնի է, որ դատարանի ու փաստաբաններու բոլոր ծախսերը պիտի հոգան Պոլսոյ առեւտրական սենեակի(ՊԱՍ) վարչութեան անդամները:

Նշեալ գրասենեակի վերահսկողութեան տակ 2003-ին բացուած էր «Կարծեցեալ հայկական ցեղասպանութեան յանձնախումբ» մը, որուն նախկին նախագահ եւ ՊԱՍ-ի վարչական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Պալքուվ դատական այս հոլովոյթը օրակարգի նիւթ դարձուցած է արտակարգ ժողովի մը ընթացքին: Ան ըսած է, որ թուրք ընտանիքին կողմէ բացուած դատին ծախսերը կը կազմեն մօտաւորապէս 25 հազար տոլար, եւ օժանդակութիւն խնդրած է վարչական խորհուրդի անդամներէն: Ըստ անոր, անհրաժեշտ գումարին մեծ մասը արդէն իսկ հաւաքուած է, իսկ մնացեալն ալ պիտի ամբողջանայ քանի մը օրէն:

2003-ին ՊԱՍ-ի ծիրին մէջ հիմնուած «Կարծեցեալ հայկական ցեղասպանութեան յանձնախումբ»-ը «հայկական պնդումներու» դէմ բազմաթիւ ժողովներ եւ հանդիպումներ կազմակերպած է արտասահմանի մէջ: Պալքուվ յիշեցուցած է, որ Էմինէ Չեթին, որ տարիներ առաջ դատ բացած էր Ֆրանսայի մէջ, ստացած էր իրենց նիւթական օժանդակութիւնը:

«Մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ հայկական կարծեցեալ ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ», ըսած է Մուսթաֆա Պալքուվ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )