Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Նշէ. «Սոչիի Մէջ Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումը Եղած Է Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման Հարցին Մէջ Մոսկուայի Առաքելութեան Կարեւոր Փուլը»

1229_RFMՌուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամփոփած է 2014-ը` Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ կարեւոր հարցերու շարքին անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ու Ռուսիոյ նախագահի նախաձեռնութեամբ 9 օգոստոսին Սոչիի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումին:

Նախարարութեան կայքին վրայ տեղադրուած փաստաթուղթին մէջ այդ հանդիպումը բնութագրուած է իբրեւ կարեւոր քայլ, որ թոյլ տուաւ նուազեցնել տագնապի գօտիին մէջ լարուածութիւնը եւ ճշգրտել կողմերու դիրքորոշումները:

«Ռուսիան աշխուժ կերպով աշխատեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եռեակին մէջ: Համանախագահները Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հետ հինգ հանդիպում ունեցան եւ շարք մը քննարկումներ` երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, հանդիպումներ ունեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ», ըսուած է հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ Ռուսիան քայլերու ձեռնարկած է ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ տագնապներու լուծման ուղղութեամբ: Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Մերձտնեսթրի տագնապի լուծման ուղղուած քայլերուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )