«Վահան Յովհաննիսեանը Անգնահատելի Ներդրում Ունի Ազգային Ազատագրական Պայքարին Մէջ» Կ՛ըսէ Բակօ Սահակեան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ցաւակցական հեռագիր յղած է Վահան Յովհաննիսեանի ընտանիքին: Հեռագիրին մէջ ըսուած է. «Խոր ցաւով տեղեկացայ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Էդուարդի Յովհաննիսեանի վաղաժամ մահուան մասին: Վահան Յովհաննիսեան անգնահատելի ներդրում ունի հայոց անկախ պետականութեան կերտման գործին եւ ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ: Ան մեծ հայրենասէր էր, փորձառու քաղաքական գործիչ, հմուտ դիւանագէտ, լաւ եւ բարի անձնաւորութիւն, որ մեծ յարգանք կը վայելէր Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ: Արցախի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունովս ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնեմ հանգուցեալին բոլոր հարազատներուն եւ մերձաւորներուն, կը մաղթեմ արիութիւն եւ կորով: Վահան Յովհաննիսեանի պայծառ յիշատակը միշտ վառ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ»: