Նախագահ Սարգսեան. «Վահան Յովհաննիսեանի Մահը Մեծ Կորուստ Է Ոչ Միայն ՀՅԴ-ի, Այլեւ Բոլորիս Համար»

1229_serj Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի մահուան առիթով: Վահան Յովհաննիսեանի ընտանիքին, հարազատներուն, մերձաւորներուն եւ գործընկերներուն ուղղուած ցաւակցական հեռագիրին մէջ, մասնաւորապէս  ըսուած է. «Խոր ցաւով տեղեկացայ Գերմանիոյ մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի մահուան մասին: Վահան Յովհաննիսեանի ներկայութիւնը նշանակալի եղած է Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ  ե՛ւ արցախեան ազատամարտի տարիներուն, ե՛ւ ատկէ ետք` Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ:  Դժուար է պատկերացնել, որ գաղափարական մարտիկի, կիրթ մտաւորականի, պետական եւ կուսակցական գործիչի, փայլուն հռետորի եւ  վառ անհատականութեամբ շեշտուած անոր կերպարը այլեւս մաս պիտի չկազմէ  հայաստանեան եւ համահայկական քաղաքական հոլովոյթներու: Վահան Յովհաննիսեանի մահը մեծ կորուստ է ոչ միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, այլեւ  բոլորիս համար: Խոր ցաւակցութիւն կը  յայտնեմ  անուանի գործիչին հարազատներուն, մերձաւորներուն եւ գործընկերներուն»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )