ԽԵԼԱՑԻ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐԸ (Ա. ՄԱՍ)

Նախադասութիւններ կազմել, գործիքներ շինել, կատակներ ընել… Ասոնք միայն մարդկային յատկութիւններ չեն: Որքան մենք անասունները ուսումնասիրենք,  այնքան կ՛անդրադառնանք, թէ մենք իւրայատուկ չենք:

Մարդ արարածին գլխաւոր յատկութիւններէն մէկն է անոր խօսելու կարողութիւնը: Ան կրնար խորհրդանիշներ (բառեր) ստեղծել` առարկաներ նշելու համար, եւ անոր լեզուն օժտուած է «շարահիւսութեամբ» մը. բառերուն շարքը իմաստ մը ունի: Սակայն կան նաեւ ուրիշ էակներ, որոնք կրնան գործածել խորհրդանշական լեզու մը: 1960-ական թուականներուն Ուաշօ` էգ շեմփանզէ մը, գիտնականներուն օգնութեամբ սորված է մատնախօսական (համր եւ խուլ անձերու գործածած լեզուն) աւելի քան հարիւր բառ: Ան այդ բառերը իրարու կը միացնէր կազմելու համար «դուն ելլել ես» տիպի նախադասութիւններ. ան կրցած է նոյնիսկ քանի մը բառեր սորվեցնել աւելի փոքր շեմփանզէի մը:

Սակայն բնութեան մէջ նաեւ, առանց մարդ արարածին միջամտութեան, անասունները քաջագործութիւններ կրնան կատարել հաղորդակցութեան գետնին վրայ: Թռչունի, կէտի կամ դլփինի կարգ մը տեսակներ իրարու հետ կը փոխանակեն նախադասութիւններու նմանող իրարու յաջորդող տարբեր ձայներ: Վերջերս գիտնականները նշմարած են, թէ կէտերը 170 տեսիպելի հասնող ձայներ կրնան արձակել, հրթիռի մը արձակման ձայնին գրեթէ համապատասխան: Ջուրին տակ նման «մռնչիւններ» քանի մը վայրկեանէն հարիւրաւոր քիլոմեթրեր կը կտրեն: Այս պատճառով գիտնականները կ՛ենթադրեն, թէ կէտերը երկար հեռաւորութիւններու վրայ իրարու հետ կը խորհրդակցին: Անասուններու յատուկ իսկական համացանց մը…

ԴԼՓԻՆՆԵՐԸ

1970-ական թուականներուն, ամերիկացի գիտնական մը հնարած է դլփիններու յատուկ «բառամթերք» մը` շարժումները կապելով առարկաներու, ինչպէս` գնդակ մը կամ ֆրիզպի մը: Անոր առաջին աշակերտը Աքէաքամա անմիջապէս ըմբռնեց արտայայտուելու այս կերպը. երբ «գնդակի», «լողակի» եւ ապա «դպնալու» ձեւերը կը կատարուէին անոր առջեւ, ան կ՛երթար գնդակին դպնալու իր լողակով:

 

 

ԹՈՒԹԱԿՆԵՐԸ

Ալեքս` Կապոնի մոխրագոյն թութակը, չէր բաւարարուեր պարզապէս բառերը կրկնելով. ան սորված էր աւելի քան 100 բառ: Ան կրնար անուանել 50 տարբեր առարկաներ, զանոնք դասաւորել գոյնով եւ ձեւով, կարճ նախադասութիւններ կազմել եւ մինչեւ վեց հաշուել: Այս արդիւնքին հասնելու համար հոգեբան Իրեն Փեփըրպըրկ սկսած է իր ուսանողներէն մէկը մարզել թռչունին առջեւ:

2007 թուականին, երբ Ալեքս կը սատկի 31 տարեկանին, ըստ իր ուսուցչուհիին, ան ունէր 5 տարեկան մանուկի մը խելացութիւնը:

 

 

 

ԿԱՊԻԿՆԵՐԸ

Տանա կապիկները իրարու միջեւ կը գործածեն կանչերէ, դէմքի արտայայտութիւններէ եւ շարժումներէ կազմուած «բառամթերք» մը: Օրինակի համար, եթէ անոնք արծիւ մը տեսնեն, իւրաքանչիւր էգ եւ արու յատուկ կ՛արձակեն կանչ մը, որ տարբեր կ՛ըլլայ ուրիշ գիշատիչ թռչունի ներկայութեան արձակուած կանչէն: Երբ որսորդ մը մօտենայ, Տանա կապիկները անմիջապէս կը հեռանան համակարգուած ձեւով եւ ասոնց ձայնի, կարծէք «պահակներ» յատուկ շարժումով մը խումբին միւս անդամներուն փոխանցած էին վտանգի մը ներկայութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES