Միջերկրականեան Երկիրներու Գործարարներու Համադաշնակցութեան Նախագահ Ժաք Սարրաֆ Կը Հաստատէ Լիբանանի Հանդէպ Իր Հաւատքը Եւ Պատկանելիութիւնը

Հարցազրոյցը վարեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

16044156995_0a76064775Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ պատուոյ հիւպատոս, Լիբանանի տնտեսական խորհուրդներու անդամ եւ Գործարարներու լիբանանեան-ռուսական խորհուրդի նախագահ Ժաք Սարրաֆի` Միջերկրականեան երկիրներու գործարարներու համադաշնակցութեան նախագահ ընտրութեան առիթով «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ` լուսարձակի տակ առնելով մեծ գործարարին աշխատանքները, ճարտարարուեստի լիբանանահայ սեփականատէրերուն հետ անոր յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ` Միջերկրականեան երկիրներու գործարարներու համադաշնակցութեան ապագայ ծրագիրները:

Լաւատեսութեամբ համակուած ղեկավար` Ժաք Սարրաֆ, որ վերջերս համախոհութեամբ ընտրուած է Միջերկրականեան երկիրներու գործարարներու համադաշնակցութեան նախագահ,  նշեց, որ ինք երկրորդ անգամն է, որ նոյն պաշտօնին համար կ՛ընտրուի, աեւլցնելով, որ առաջին անգամ ընտրուած էր 2007-2009 նստաշրջանին համար:

Միջերկրականեան երկիրներու գործարարներու համադաշնակցութեան մաս կը կազմեն 14 երկիրներ` Եգիպտոս, պաղեստինեան իշխանութիւնը, Յորդանան, Լիբանան, Սուրիա, Կիպրոս, Թուրքիա, Մալթա, Ալճերիա, Թունուզ, Մարոք, Լիպիա եւ Մաւրիտանիա: Ան նշեց, որ համադաշնակցութիւնը ունի նաեւ գործընկերներ, ինչպէս` Յունաստանը, Փորթուգալը, Ֆրանսան, Սպանիան եւ Իտալիան:

Սարրաֆ նշեց, որ այս երկիրներուն միջեւ կայ գործակցութիւն, որ կը նպաստէ բոլոր երկիրներուն բարգաւաճման: Ան ըսաւ, որ գործակցութիւնը կը կատարուի եւրոպական գործընկերութեան համաձայնագիրին լոյսին տակ, աւելցնելով, որ այդ համաձայնագիրը Լիբանանի կողմէ ստորագրուած է 2003-ին:

Համադաշնակցութեան ծրագիրներուն մասին խօսելով` Ժաք Սարրաֆ շեշտեց, որ առաջինը պիտի իրականանայ յառաջիկայ 15 յունուարին, երբ համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Պրիւքսել` հանդիպումներ ունենալու համար Եւրոպական Միութեան նախագահին, ինչպէս նաեւ եւրոպացի գործարարներու համադաշնակցութեան նախագահին հետ:

«Այդ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին Միջերկրականեան եւ Եւրոպական երկիրներուն գործարարներու համադաշնակցութիւններուն միջեւ միացեալ ծրագիրներու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի սերտուին եւրոպական գործընկերութեան ներկայացնելիք ծառայութիւնները», ըսաւ ան:

Սարրաֆ յայտնեց նաեւ, որ համադաշնակցութեան երկրորդ ծրագիրն է մարտին ուղղուիլ Իտալիա, ուր հանդիպում մը տեղի պիտի կայանայ Իտալիոյ ճարտարարուեստի սեփականատէրերու համադաշնակցութեան հետ` գործընկերութիւններ ստեղծելու նպատակով:

Այդ գործընկերութեան լոյսին տակ լիբանանցի, եգիպտացի եւ այլ երկիրներու գործարարներ կրնան ուղղուիլ Իտալիա եւ աշխատանքներ կատարել:

Ան հաստատեց, որ աւելի ուշ այցելութիւն մը պիտի տրուի նաեւ Գերմանիա, ուր տեղի պիտի ունենան հանդիպումներ` փոխադարձ գործակցութեան եւ փորձառութիւններուն փոխանակման:

Այս այցելութիւններուն եւ համաձայնութիւններուն ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ եւրոպական եւ միջերկրականեան շուկաներուն միջեւ փոխներգործութիւն ստեղծել:

Ժ. Սարրաֆ աւելցուց, որ այս իմաստով կատարեալ գործակցութիւն կայ իր եւ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներու համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Շքէյրի միջեւ, յայտնելով, որ իր եւ Շքէյրի միջեւ աշխատանքներու համակարգում կայ:

Այս շրջագիծին մէջ ան նշեց, որ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ սննդեղէնի փոխանակման հաւանական ծրագիր մը իրագործուի:

Ժաք Սարրաֆ աւելցուց նաեւ, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին հետ եւ քննարկած` Պէյրութ-Երեւան առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:

Պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներու մասին Լիբանանի տնտեսական խորհուրդներուն կեցուածքին անդրադառնալով` Սարրաֆ յայտնեց, որ այդ յաւելումները շատ բարձր են եւ հետեւաբար զանոնք նուազեցուցած են, եւ աելցուց, որ իրենք կառչած մնացած են իրենց տեսակէտին, որուն հիման վրայ ընդգծած են, թէ այդ յաւելումները պէտք է կատարուին երեք տարուան ընթացքին` 2012-2015, ինչ որ արդէն իսկ իրականացած է, նկատի ունենալով, որ անոնք տակաւին չեն վաւերացուած:

Ան նշեց, որ վերոնշեալ իրականութիւնը նկատի ունենալով` իրենք կը կարծեն, որ աշխատավարձերը վաւերացնելու իմաստով իրենց երկու դիտողութիւնները ամբողջացած են, հետեւաբար իրենք արդէն իսկ յաջողած են` արձանագրուած յետաձգումին պատճառով:

Ճարտարարուեստի մարզին մէջ իր ունեցած փորձառութեան ակնարկելով` Ժաք Սարրաֆ դիտել տուաւ, որ 1993-ին Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութիւնը յայտարարած է «Լիբանանեան արտադրութեան» կարգախօսը, որ այսօր ինքզինք կը պարտադրէ եւ լիբանանցիներուն համար հպարտութեան վերածուած է:

Ան շեշտեց սակայն, որ հարցական կը մնայ այն, որ արդեօք լիբանանեան պետութիւնը կը հաւատա՞յ երկրին ճարտարարուեստի մարզին, գործարարներուն եւ սեփական մարզին նուաճումներուն` տնտեսական եւ ընկերային առումով:

«Տակաւին լիբանանցի պետական պաշտօնատարը գործարարներուն դերակատարութիւնը կարեւր նկատելու մշակոյթը չունի, իսկ պետութիւնն ու սեփական մարզը բաւական հեռու են իրարմէ», յայտնեց Սարրաֆ:

Ան նշեց, որ Լիբանանի տնտեսութեան զարկ տալու համար լիբանանցին պէտք է ճահճացումէ դուրս գայ եւ համայնքային դրութեան մտայնութեամբ չգործէ:

«Մեզ կը սպառէ այն իրականութիւնը, որ սիւննի համայնքին պատկանող մէկը սիւննի պաշտօնեաներ եւ աշխատաւորներ պիտի ունենայ, շիին` շիի, ուղղափառը` ուղղափառ, կաթողիկէն` կաթողիկէ եւ այլն: Այս պատճառով ալ Լիբանան տնտեսապէս մեծ զարգացումներ չ՛ապրիր: Պէտք է այլեւս լիբանանցին գործէ իբրեւ լիբանանցի եւ լուծէ երկրին հարցերը», ըսաւ Սարրաֆ:

Լիբանանի տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու ծրագիրներուն մասին խօսելով` Ժաք Սարրաֆ յայտնեց, որ հարկ է Լիբանանը դիտել իր շրջանային պարունակին մէջ եւ տեսնել, որ անոր դրացի երկիրները ի՛նչ վիճակի մէջ են. տակաւին, անոր վրայ կ՛աւելնան լիբանանեան ներքին հարցերը, սպանութիւններն ու ապակայունութիւնը, ինչպէս նաեւ` արաբական երկիրներու կողմէ տնտեսական պոյքոթը, որ Լիբանանի դէմ դրուած է 2011-էն ի վեր:

Ան յայտնեց, որ Լիբանան կղզի մը չէ, եւ թէ` ան կ՛ազդուի իր շուրջը տեղի ունեցող բոլոր իրադարձութիւններէն:

«Լիբանանեան տնտեսութեան սպառնացող այս կուտակուած հարցերուն ճնշումին տակ կը տեսնենք, որ իւրաքանչիւրը առանձին կ՛ապրի եւ կը փորձէ գոյատեւել: Այս հարցէն դուրս գալու համար Լիբանան կարիքը ունի հանդարտութեան, իսկ եթէ 2015-ին ընթացքին եւս հանդարտութիւն պիտի չտիրէ, ապա ան պէտք է ուղղուի դէպի այն երկիրները, ուր հանդարտ եւ խաղաղ մթնոլորտ կը տիրէ: Այսօրուան դրութեամբ ափրիկեան երկիրները այն երկիրներէն են, որոնք քաղաքական տագնապներ եւ ելեւմտական հարցեր չունին, բացի այն իրականութենէն, որ անոնցմէ կարգ մը երկիրներ իպոլա ժահրով վարակուած են: Իսկ ափրիկեան երկիրներուն մէջ կայ լիբանանցիներու մեծ թիւ մը, որոնք վերածուած են այդ երկիրներու գաղութներուն եւ կարելի է գործակցիլ անոնց հետ` ներդրումային, արտադրութիւններ արտածելու եւ երկու երկիրներու գործարարներուն միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններ մշակելու առումով», ըսաւ Սարրաֆ:

Ան նշեց, որ ներկայիս Լիբանանի տնտեսական մարզը բարգաւաճեցնելու մասին խօսիլը շատ կանուխ է, որովհետեւ հիմնական նպատակը տնտեսութիւնը կայուն պահելն է:

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժաք Սարրաֆ շեշտեց, որ 1999-ին ինք եղած է առաջին գործարարը, որ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան անդամներուն մէկ պատուիրակութեամբ պաշտօնական այցելութիւն մը տուած է Հայաստան եւ մասնակցած` հոն տեղի ունեցած ճարտարարուեստի յատուկ ցուցահանդէսի մը, որ տեղի ունեցաւ վարչապետարանին մէջ: Ան նշեց, որ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան եւ Հայաստանի գործարարներուն միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրած են:

«Համոզուած եմ, որ Լիբանանի ունեցած միջազգային յարաբերութիւնները ներքին իմաստով անոր նեցուկները կը նկատուին: Պէտք է ըսել, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ արձանագրուեցան լուրջ համաձայնագիրներ, որոնց լոյսին տակ հաստատուեցաւ, որ երկու երկիրներուն արտադրութիւնները կարելի է փոխադարձաբար արտածել եւ առեւտուր կատարել: Բայց եւ այնպէս, պէտք է ըսել, որ օրին Հայաստանի մէջ դրամատուներ չկային, ներդրումի դաշտեր չկային, սակայն կան լիբանանցի գործարարներ, որոնք ներկայիս իրենց ճարտարարուեստի մարզը ունին Հայաստանի մէջ եւ ստացած են հայկական քաղաքացիութիւն: Հետեւաբար կարելի է ըսել, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ այդ յարաբերութիւնները կան, սակայն անոնք պէտք եղած աշխուժութեամբ չեն գործեր», ըսաւ Սարրաֆ:

Ճարտարարուեստի հայ սեփականատիրոջ մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժաք Սարրաֆ ընդգծեց, որ ան կու գայ ճարտարարուեստի յատուկ մարզի պատկանող ընտանիքներէ, որոնք այս կամ այն արհեստին մէջ հմտացած վարպետներ են:

«Հայը միշտ արդիւնաբեր է. ան կը մտածէ արդիւնաբերութեան եւ իր արհեստին մէջ գագաթներ նուաճելու մասին: Այս յատկանիշները այլ ընկերութիւններու մօտ չենք գտներ: Հայութեան ուժը կը կայանայ անոր մէջ, որ իրենք կը ստեղծեն գեղեցիկը եւ իրենց հոգիին խորերէն է, որ կ՛աշխատին», նշեց Սարրաֆ:

Լիբանանի մէջ ճարտարարուեստի յատուկ շրջանները ստեղծուած են հայերուն կողմէ: «Մքալլեսի մէջ կը գործէ լիբանանահայ գործարար Կարպիս Մարգարեանը, որ մեծ վաստակ ունի Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզի ծաղկումին մէջ եւ անիկա մեծապէս նպաստած է Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան աշխատանքներուն: Նազարեթ Սապունճեանը իր կարգին շուրջ 22 տարիէ ի վեր Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան անդամ է եւ կը ծառայէ Լիբանանի ճարտարարուեստին ծաղկումին», ըսաւ ան:

Ժ. Սարրաֆ յայտնեց, որ հայութեան յատկանիշներէն մէկն է նաեւ այն, որ ան կը սիրէ իր հայ եղբայրը եւ նեցուկ կը կանգնի անոր: «Թէեւ հայկական կուսակցութիւնները ունին որոշ տարակարծութիւններ, սակայն ճարտարարուեստի մարզին մէջ անոնք եղբայրաբար կը գործեն. այս յատկանիշը ոչ մէկ ընկերութեան մէջ կարելի է տեսնել», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահի իր պաշտօնին` Ժաք Սարրաֆ հաստատեց, որ լիբանանահայ գործարարներուն զօրակցութեամբ է, որ կրցած է յաջողիլ: «1992-ին գործակցած է Նազօ Սապունճեանին հետ` Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ դառնալու առումով եւ աւելցուց, որ Նազօ Նաճարեան վարած է իր ընտրարշաւը», աւելցուց ան:

«Ֆարմալայն» ընկերութեան նախագահ Ժ. Սարրաֆ յայտնեց նաեւ, որ այդ ընկերութեան մէջ իր առաջին գործընկերը եղած է իր բարեկամը` Պուրճ Համուտի նախկին քաղաքապետ Ցոլակ Թիւթէլեանը:

«Կը հաւատամ, որ հայութիւնը կը պատկանի Լիբանանին եւ նուիրումով կը գործէ Լիբանանի մէջ: Լիբանանի մէջ երբ հայուն մասին պիտի խօսինք, մենք անոր կը վերաբերինք իբրեւ հայ` առանց նշելու, թէ ան առաքելակա՞ն է, կաթողիկէ՞, թէ՞ աւետարանական: Հայութիւնը յատկանշող իրականութիւններէն մէկը այն է, որ ան պատկանելիութեան զգացում մը ունի եւ կառչած կը մնայ իր ինքնութեան», ըսաւ Սարրաֆ:

Ան հաստատեց, որ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան օրերէն ինք կը յիշէ եւ տպաւորուած է հայուն հայրենասիրութեամբ եւ ազգային գիտակցութեամբ:

«1988-ին երբ Հայաստանի մէջ երկրաշարժը պատահեցաւ, Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան հայ անդամներէն մէկը խորհրդակցեցաւ հետս` հայութեան օժանդակելու մասին, նկատի ունենալով Ռուսիոյ հետ իմ կապերս: Օրին լիբանանահայ գործարարներուն դիմեցինք եւ օժանդակութիւններ ապահովեցինք: Ես իմ կարգիս, Ց. Թիւթէլեանին հետ դեղորայք եւ այլ օժանդակութիւններ կրցայ ապահովել եւ այդ բոլորը ուղարկեցինք Հայաստան», ըսաւ ան:

Այս մասին Սարրաֆի յիշողութիւնը զայն մղեց, որ մեզի ցոյց տայ 1988-ին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ իրեն տրուած մետալն ու շնորհակալագիրը: «Այս մետալը ինծի համար մեծ նշանակութիւն ունի», ըսաւ ան:

«Ինչպէս հայը կառչած է իր հայկական ինքնութեան եւ կը հաւատայ իր պատկանելիութեան, ես ալ նոյնպէս կառչած կը մնամ լիբանանեան իմ ինքնութեանս եւ պատկանելիութեանս, կը հաւատամ Լիբանանին եւ հոն ապրելու գեղեցկութեան», եզրափակեց Սարրաֆ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )