«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

1231Vakif«Էրմենիհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական «Զաման» օրաթերթի յօդուածագիր Սեւըմ Շենթուրք «Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը» վերնագիրով իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ տարածքին այժմ գոյութիւն ունեցող միակ հայկական գիւղի` Վաքըֆլըի (Մուսա Լեռ) պատմութեան, կենցաղին ու բնակչութեան: «Ակունք» որոշ կրճատումներով կը ներկայացնէ յօդուածը:

«Այնտեղ` հեռուն, գիւղ մը կայ: Այդ գիւղը Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղն է: Հաթայի (Ալեքսանտրեթ, Ա.) նահանգի (Մուսա Լեռ, Ա.) գաւառի կազմին մէջ է: Առանց քիմիական նիւթերու գիւղատնտեսութիւն ունի. օրկանիք մթերք կ’արտադրէ: Պատմութեան ակունքներէն եկող եւ տակաւին էութիւնը չփոխած միակ հայկական գիւղն է Թուրքիոյ մէջ: Դարաւոր ծառերու տակ, Մուսա Լերան ստորոտի այդ փոքրիկը, մաքրամաքուր գիւղին անունն է Վաքըֆլը: Գիւղին պատմութիւնը շատ հին է: Դուք ըսէք` 2-3 հազար տարի, որոշ աղբիւրներ ալ` 1800-1900: Գիւղին շինութիւնները կ՛արտացոլացնեն բնակիչներուն մշակոյթն ու հաւատքը: Այդպիսի շինութիւն մըն է 19-րդ դարէն մնացած եւ 1997-ին վերակառուցուած գիւղի եկեղեցին: Գիւղին վերջաւորութեան գտնուող գերեզմանոցն ալ կու գայ ապացուցելու, որ այստեղ դարերէ ի վեր միայն հայեր ապրած են: Վաքըֆլը գիւղ կատարած մեր ճամբորդութեան ընթացքին մեզի ընկերակցող գիւղապետ Պերճ Քարթունը համառօտ տեղեկութիւններ կու տար գիւղին մէջ ապրողներուն եւ ընդհանուր բնակչութեան մասին: Գիւղը 1940-ականներու սկիզբը բնակչութեան թիւով շրջանին մէջ մեծագոյնը եղած է: 60-ականներէն սկսեալ գաղթի պատճառով բնակչութեան թիւը նուազեցաւ: 1964-ին արդէն 300 բնակիչ մնացած գիւղը այսօր 100 հոգիէն ալ պակաս բնակիչ ունի:

Նախապէս Մարիամ Աստուածածնի տօնի օրերուն տարբեր տեղեր տեղափոխուած Վաքըֆլըի բնակիչները դարձեալ կը հաւաքուէին գիւղին մէջ: Այդ օրերուն գիւղին մէջ գտնուողներու թիւը կը հասնէր 1000-ի: Այսօր ալ շատ վաքըֆցիներ իրենց արձակուրդներն ու ազատ օրերը գիւղին մէջ կ՛անցընեն: Ճիշդ եկեղեցւոյ դիմաց կը գտնուի Օհաննէս Սիլահլըի տունը, ով կ՛աշխատի Ալեքսանտրեթի մէջ, սակայն շաբթուան հանգստեան օրերը կ՛անցընէ գիւղին մէջ:

Մինչեւ 1938 թուականը Մուսա Լերան ստորոտներուն Վաքըֆլըին ընկերակցող եւս 6 հայկական գիւղեր կային: Սակայն Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաջորդած իրադարձութիւններու պատճառով եւ 1938-ին Ֆրանսայի կողմէ շրջանը Թուրքիոյ վերադարձնելու հետ մեկտեղ սկսաւ գաղթը տեղւոյն հայերուն, որոնց մեծ մասը ապաստանեցաւ հարեւան Սուրիոյ մէջ: Այս գիւղէն ալ գացողներ եղան, սակայն մեծամասնութիւնը որոշեց մնալ: Գիւղէն հրաժարիլ չցանկացած հայերը տասնամեակներով մնացին իրենց հողերուն վրայ:

Այսօր Վաքըֆլըն օրկանական պտուղներ աճեցնող միակ գիւղն է Թուրքիոյ մէջ: Գիւղին մէջ գրեթէ չկայ մէկը, ով չունենայ իր այգին: Ամէնուր նարինջի ու մանտարինի ծառեր կան: 650 տոնում տարածքի վրայ օրկանական գիւղատնտեսութիւն կը կազմակերպուի: 2004-ին, նոյնիսկ 1 միլիոն եւրոյի չափ արտածման օգուտ բերած են երկիրին: Սակայն գործերը այլեւս առաջուան պէս չեն ընթանար, որովհետեւ գնորդներ չեն գտնուիր: Գտնուածներն ալ չափազանց աժան կը գնեն: Այդ պատճառով վերջին տարիներուն դադրած են վկայական գնել (օրկանական արտադրանքի համար):

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )