Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

1231homeworkԶմիւռնիոյ «Տոքուզ Էյլիւլ» համալսարանի Աթաթուրքեան սկզբունքներու ու յեղաշրջումներու պատմութեան հիմնարկի դասախօս Թիւրքան Պաշեիղիթ իր ուսանողներուն պարտականութիւն տուեր է պատրաստել հայերու ցեղասպանութեան պնդումները ջրող փաստաթուղթերու աշխատասիրութիւն մը: Դասախօսը այս մասին ցուցատախտակ մըն ալ կախեր է իր աշխատասենեակին դրան վրայ եւ ուսանողներէն պահանջեր է, որ մինչեւ 18 դեկտեմբեր որպէս «վիզէ»-ի քննութիւն, յանձնեն իրենց աշխատասիրութիւնը, որ փաստացի տուեալներով պիտի ջրէ «սէօզտէ» (Այսպէս կոչուած Ա.) ցեղասպանութեան հայկական պնդումները: Համալսարանի ուսանողները լուսանկարեր են այս ցուցատախտակը եւ համացանցի ընկերային էջերուն վրայ սկսեր են վիճաբանիլ այս նիւթին մասին: Հարցը հետեւեալն է. այսպիսի գիտական աշխատանք կ՛ըլլա՞յ, նախապաշարեալ թեմայով պարտականութեան մը պատրաստութիւնը գիտական կրնա՞յ նկատուիլ, ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ ուսանող մըն ալ գրէ, որ ցեղասպանութիւնը իրօք պատահած է:

Դասախօս Թիւրքան Պաշեիղիթ համացանցի վրայ ստեղծուած այս բանավէճին պատասխանելով` ըսած է. «Ես պարզապէս գիտական հարցում մը ուղղեցի: Երանի՜ թէ, որպէս ինծի պատասխան, մէկ-երկու փաստաթուղթ գտնէիք ու ինծի ղրկէիք»: Պաշեիղիթ գրեց նաեւ, որ քննութիւններուն արդիւնքէն տեղեակ պիտի պահէ ուսանողութիւնն ու հանրութիւնը:

«Ռատիքալ»-ի աշխատակից Պահատըր Էօզկիւր իր այս թղթակցութեան մէջ կը յիշեցնէ, որ Թիւրքան Պաշեիղիթ աւելի առաջ ալ հակազդեցութիւններու տեղի տուած է Հայկական հարցի մասին իր ունեցած մեկնաբանութիւններով: Երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ լաւաշ հացը արձանագրեց որպէս հայկական մշակոյթի գործօն, Թիւրքան Պաշեիղիթ գրեց. «Լաւաշ հացն ալ առին մեզմէ, հիմա ասոնք մեզմէ հող ալ կը պահանջեն»: Ասիկա դասախօս մըն է, որ նաեւ գովաբանած է «Թեշքիլաթը մահսուսա» կազմակերպութիւնը, որ իթթիհատականներէն Էնվեր փաշային կապուած գաղտնի կազմակերպութիւն մըն էր, հիմնուած` զանազան գաղտնի գործողութիւններու համար: Այս կազմակերպութիւնը իթթիհատականներու անկումէն ետք ջնջուեցաւ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )