«Մօտէն Ճանչնանք Եկեղեցին Եւ Աստուածաշունչը» Խորագիրով Կիներու Հոգեւոր Լսարան

1230_lsaranՀովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, անցնող հինգշաբթի աւարտեցաւ 2014 տարուան հոգեւոր լսարանը, որ ամէն հինգշաբթի օր կը կատարուէր առաւօտեան ժամը 10:00-11:00, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Սոյն հոգեւոր լսարանը կ՛ընդգրկէր Ս. Գիրքի սերտողութիւն կիներու հետ` «Մօտէն ճանչնանք եկեղեցին եւ Աստուածաշունչը» խորագիրով:

Այս հոգեւոր լսարանին նպատակն էր ուղղել հաւատացեալները ճշմարիտ ձեւով սերտելու եւ ըմբռնելու Աստուածաշունչին պատգամները եւ զանոնք գործադրելու իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, միշտ նկատի ունենալով Պօղոս առաքեալի այն համարը որ կ՛ըսէ. «Աստուծոյ ներշնչումով գրուած բոլոր Ս. Գիրքերը օգտակար են` թէ՛ ճշմարտութիւնը ուսուցանելու եւ թէ՛ սխալները հերքելու, մարդս ճիշդ ճամբու մէջ դնելու եւ արդար կեանքի մը դաստիարակութիւնը տալու համար» (Բ. Տիմ. 3:16):

Այս աղօթաշարքերը եւ սերտողութիւնները կը վարէր Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան: Լսարանի ընթացքին տեղի կ՛ունենային սաղմոսասացութիւն, շարականներու երգեցողութիւն եւ աղօթք:

Յառաջիկային սերտողութիւնը կը վերսկսի 8 յունուար 2015-ին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )