Ամանորի Սեմին Հալէպի Տարբեր Շրջաններ Հրթիռակոծման Ենթարկուեցան

1230aleppo«Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Չիլափոշեան կը տեղեկացնէ, որ երեքշաբթի, 30 դեկտեմբեր 2014-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ հրթիռակոծման ենթարկուեցան Հալէպի զանազան շրջանները, որոնց մէջ նաեւ հայահոծ թաղամասեր` Սուլէյմանիէն ու Նոր Գիւղը:

Սուլէյմանիէի մէջ ինկած հրթիռի մը պայթումին պատճառով վիրաւորուեցան մէկէ աւելի քաղաքացիներ, որոնց մէջ նաեւ հայորդիներ, լուրջ վնասներ կրեցին շրջանի աշխատավայրերն ու բնակարանները: Միւս կողմէ, պետական աղբիւրներ հաստատեցին, որ ելեկտրականութիւնն ու ջուրը աստիճանաբար սկսան միանալ շուրջ 5 օրուան մնայուն անջատումէն ետք:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )