Նոր Տարուան Առիթով Եկեղեցական Արարողութիւն Եւ Հայրապետական Պատգամ

1230_Aram-I-e1419845396916Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանը կը տեղեկացնէ, որ Նոր տարուան գիշերը` չորեքշաբթի, 31 դեկտեմբեր 2014-ի կէս գիշերին, յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Իսկ Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի յաջորդ օր` հինգշաբթի, 1 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Պատարագէն անմիջապէս ետք, վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ Նոր տարուան շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի, եւ այս առիթով իր հայրական պատգամը պիտի յղէ:

Նոր տարուան առիթով, չորեքշաբթի 31 դեկտեմբերին, վեհափառ հայրապետը պատգամ մը պիտի յղէ հայ ժողովուրդին` կաթողիկոսարանի կայքին ճամբով:

Դարձեալ Նոր տարուան առիթով վեհափառ հայրապետը հարցազրոյց մը պիտի ունենայ «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի հայկական բաժինին հետ, հինգշաբթի, 1 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )