Դեսպան Քոչարեան Փոխանցած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Շնորհաւորանքներն Ու Նուիրատուութիւնը Լիբանանահայ Հաստատութիւններուն
29 դեկտեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ կազմակերպուեցաւ հանդիպում լիբանանահայ «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերու պատասխանատուներուն հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ջերմ ողջոյններն ու շնորհաւորանքները, ինչպէս նաեւ դրամական նուիրատուութիւն` Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով: Լիբանանահայ օրաթերթերուն հասցէագրուած ուղերձին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը համոզում յայտնած է, որ նուիրուածութեան, հայրենասիրութեան, գործադրած ջանքերուն եւ գրիչի ճկունութեան շնորհիւ անոնք յաղթանակած դուրս կու գան դժուարին քարոզչական պայքարին մէջ եւ կը նպաստեն Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մասին համապարփակ նիւթերու պատրաստութեան:
Դեսպան Քոչարեան նոյն օրը այցելեց Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան մտաւոր խնդիրներ ունեցող հայ մանուկներու «Զուարթնոց» կեդրոն:
«Զուարթնոց»-ի պատասխանատուներուն ու սաներուն հասցէագրուած ուղերձին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատած է մանկավարժներու նուիրեալ եւ ազգանուէր գործունէութիւնը` ուղղուած հայ մանուկներուն եւ երիտասարդներուն կրթական, հոգեբանական եւ ֆիզիքական զարգացումին:
Հանդիպումներուն ընթացքին լրատուամիջոցներու եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի պատասխանատուները իրենց խորին երախտագիտութիւնը յայտնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին` շարունակական հոգատարութեան եւ ուշադրութեան համար եւ հաստատեցին, որ ջանք պիտի չխնայեն շարունակելու իրենց գործունէութիւնը հայապահպանութեան, հայեցի դաստիարակութեան եւ Հայաստան-սփիւռք կապերու խորացման ուղղութեամբ:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն, մօտակայ օրերուն դեսպան Քոչարեան պիտի այցելէ նաեւ Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» մանուկներու հաստատութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի շնորհաւորանքներն ու նուիրատուութիւնը փոխանցելու նպատակով: