Մահափորձի Ենթարկելէ 33 Տարի Ետք. Աղճա Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի Շիրիմին Վրայ Վարդեր Կը Դնէ

Մեհմեթ Ալի Աղճա
Թուրք ծայրայեղական Մեհմեթ Ալի Աղճա, որ 1981-ին փորձած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը ահաբեկել, Վատիկանի մէջ պապի շիրիմին վրայ զետեղեց վարդեր: 31 տարի առաջ նոյն օրը պապը Հռոմի բանտին մէջ այցելած ու ներած էր Աղճային:
Աղճա 23 տարեկան էր, երբ Ս.Պետրոս հրապարակին վրայ երկու փամփուշտ արձակեց եւ ծանրօրէն վիրաւորեց պապը:
Աղճա անցեալ շաբաթ օր անսպասելի կերպով վերադարձած է Հռոմ, ինքզինք ոստիկանութեան ծանօթացուցած եւ յայտնած, որ մտադիր է վարդեր զետեղել Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի շիրիմին:
Ֆրանչիսկոս պապի Թուրքիա այցելութեան ընթացքին, Աղճա խնդրած էր հանդիպում ունենալ պապին հետ, սակայն անոր խնդրանքը մերժուած էր: Հռոմ գտնուած ատեն եւս նոյն խնդրանքը ներկայացուցած է, սակայն դարձեալ մերժուած է:
Իտալական «Լա Ռեսփուպլիքա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Վատիկանի բանբեր Ֆետերիքօ Լոմպարտի յայտնած է. «Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի շիրիմին վարդեր դրաւ. ատիկա բաւարար է»:
Աղճա Իտալիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ շուրջ երեսուն տարի բանտարկուեցաւ:
Հետագային Աղճա Իտալիոյ ոստիկանութեան կողմէ երկրէն վտարուեցաւ` առանց մուտքի արտօնագիրի Իտալիա մուտք գործելու համար: