«Միացեալ Նահանգներ Ռուսիան Եւ Վենեզուելան Ոչնչացնելու Համար Քարիւղային Պատերազմ Կը Մղեն» Կ՛ըսէ Մատուրօ

Նիքոլաս Մատուրօ

Նիքոլաս Մատուրօ

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ քարիւղի գիները նուազեցնելու ճամբով պատերազմ կը մղէ Վենեզուելայի եւ Ռուսիոյ դէմ:

«Տեղի կ՛ունենայ ծրագրուած պատերազմ Ռուսիան ոչնչացնելու համար, սակայն ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ ալ Վենեզուելան պիտի արտօնեն իրենց ձեռքերը կապել, մենք պիտի պայքարինք, անոնք մեզի չեն կրնար յաղթել, հանգի՛ստ եղէք», ըսած է ան:

Ըստ Մատուրոյի, երկուշաբթի օր վենեզուելական քարիւղի տակառին գինը իջած է 48 տոլարի, սակայն սեպտեմբերին եղած է 95 տոլարի սահմաններուն մէջ:

«Ինչպէս յայտարարած է Պոլիվիոյ նախագահ Էւօ Մորալես, ատիկա նաեւ փորձ է ոչնչացնելու Վենեզուելան` փորձելու համար զայն գաղութացնել եւ ոչնչացնել անոր անկախութիւնը, մեր յեղափոխութիւնը, որպէսզի տնտեսական փլուզում փորձեն ստեղծել», ըսած է Վենեզուելայի նախագահը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )