«Իրան Կրնայ Շրջանային Ուժի Վերածուիլ, Եթէ Իր Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնէ» Ըսաւ Օպամա

Պարաք Օպամա

Պարաք Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ «Իրան կրնայ շրջանային յաջող ուժի մը վերածուիլ, եթէ հաւանութիւն տայ իր հիւլէական թղթածրարին շուրջ արեւմտեան պետութեանց նախապայմաններուն»:

Օպամա Սպիտակ տան մէջ տարեվերջի առիթով արտասանած իր ճառին մէջ յայտնեց. «Իր գտնուած միջազգային մեկուսացումին վերջ տալու համար` Իրան պէտք է համաձայն գտնուի իր հիւլէական թղթածրարին վերաբերեալ վեց մեծ տէրութեանց նախապայմաններուն»: Ան հաւանական նկատեց, որ Իրան շրջանային մեծ ուժի վերածուի, որովհետեւ բնական հարստութիւններ եւ մարդկային ներուժ ունի, որոնք զինք միջազգային ընտանիքին մէջ կարեւոր դիրքի վրայ կը դնեն:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ հաւանակա՞ն է, որ Իրանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը վերաբացուի, ճիշդ ինչպէս եղաւ Քուպայի պարագային, Օպամա ըսաւ. «Երբեք, երբեք չեմ ըսեր», սակայն աւելցուց, որ Իրանը փոքր Քուպայէն տարբեր է. վերջինս Միացեալ Նահանգներուն դէմ իսկական վտանգ չի ներկայացներ, ինչպէս մեծ եւ ազդեցիկ պետութիւն մը եղող Իրանը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )