Ուաշինկթըն Մտահոգուած Է Ազրպէյճանի Իշխանութիւններուն Կողմէ «Ազատութիւն» Ձայնասփիւռի Կայանի Գրասենեակին Փակումով
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեֆ Ռաթքէ` մեկնաբանելով Ազրպէյճանի մէջ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի գրասենեակին փակումը, յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղեն պահպանելու մարդու իրաւունքները եւ յարգելու հիմնարար ազատութիւնները, ներառեալ` մամլոյ ազատութիւնը:
«Մենք մտահոգուած ենք քաղաքացիական հասարակութեան վրայ Ազրպէյճանի կառավարութեան յարձակումներուն հարցով», յայտարարած է ան` նշելով ձայնասփիւռի կայանի գրասենեակի փակումը, գոյքի գրաւումը եւ իրաւապահ մարմիններու կողմէ աշխատակիցներու հարցաքննութիւնները:
«Պայմանագրային աշխատողները եւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ կապուած այլ անձեր նոյնպէս կը հարցաքննուին իշխանութիւններուն կողմէ: Այդ գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ փաստաբաններուն այդ հարցաքննութիւններուն ներկայ ըլլալը մերժելը մտահոգութիւն կը յառաջացնեն», աւելցուցած է Ռաթքէ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն Ազրպէյճանին կոչ ուղղած են չխախտելու քաղաքացիներու հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ներառեալ` մամլոյ ազատութիւնը:
«Այդ առիթով նախագահ Ալիեւի որոշումը` համաներում շնորհելու 87 անձի, ներառեալ` 10 անձերու, որոնք ինչպէս ծանօթ է, պատիժ ստացած են քաղաքացիական գործունէութեան համար, ճիշդ ուղղութեամբ կատարուած քայլ է», եզրափակած է Ռաթքէ:
Kontakt.az կայքը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 87 դատապարտեալի համաներում շնորհելու մասին հրամանագիր ստորագրած է: Անոնցմէ 79-ն ազատ պիտի արձակուի կալանավայրէն: Երեքը ազատուած են ուղղիչ աշխատանքներէն, իսկ հինգ ուրիշներ` տուգանքներէ:
Իրաւապաշտպան Նովելա Ճաֆարօղլու «Թուրան» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ համաներում շնորհուած անձերու ցանկին վրայ են 10 քաղաքական բանտարկեալներ, որոնց շարքին են ՆԻՏԱ շարժումի գործիչներ Ուզէիր Մամետլի եւ Զաուր Կուրպանլը, «Խուրալ» թերթի խմբագիր Աւազ Զէյնալ, իրաւաբան Կուրպան Մամետով, «Նոթա» թերթի խմբագիր Սարտար Ալիպէյլի, Իսմայիլի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն առնչութեամբ երկու բանտարկեալներ եւ երեք, այսպէս կոչուած, «լաչակի դատապարտեալ»:
«Քաղաքական բանտարկեալներու հսկողութեան կեդրոնի» ղեկավար Էլշան Հասանովի խօսքով` «մինչեւ իսկ մէկ անմեղ դատապարտուած մարդու ազատ արձակումը պէտք է ողջունել», սակայն նշած է նաեւ, որ համաներումը կ՛իրականացուի շարունակուող հետապնդումներու ենթահողին վրայ:
«Հարիւրէն տասը քաղաքական բանտարկեալի ազատ արձակումը չի փոխեր համատարած հետապնդումներու եւ հիմնարար ազատութիւններու ճնշման պատկերը», ըսած է ան: