ԱՐԱ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ

Արա Աբրահամեան

Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան յատուկ նամակով մը շնորհաւորեց Հայաստանի նախագահ եւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեանը` Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականին աշխարհի ախոյեան հանդիսանալուն առիթով:

«Հայաստանի հաւաքականը համայն աշխարհին առջեւ ներկայացուց հայ ժողովուրդը եւ փաստեց, որ կը մնայ աշխարհի զօրաւոր կազմը` ճատրակի մարզին մէջ: Մենք իրաւունք ունինք հպարտանալու մեր հայրենակիցներուն յաջողութեամբ: Ամէն երկիր չի կրնար հպարտանալ ճատրակի նման յաջողութիւններով», ըսաւ Աբրահամեան:

 

Share this Article
CATEGORIES