«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ը ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԸՆԴՈՒՆԻԼ ԿԱՐՕՏԵԱԼ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ
Անցնող 80 տարիներուն ընթացքին մարդասիրական առաքելութիւն ծաւալած «Թռչնոց բոյն»ը տարուէ տարի աւելի եւս կը զգայ իր աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, յատկապէս սփիւռքի մէջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող այս բարեսիրական հաստատութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսի անմիջական հսկողութեան ներքեւ կը գտնուի: Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած խնամակալութեան աջակցութեամբ, վեհափառին ներկայացուցիչ միաբան հոգեւոր տեսուչը եւ հաստատութեան տնօրէնն ու «Գայեանեան» քոյրերու միաբանութեան անդամները ջանք չեն խնայեր կատարելու այն պարտականութիւնը, որ տարիներէ ի վեր վստահուած է այս հաստատութեան:
Հետզհետէ աճող տնտեսական տագնապը, ընտանեկան ընկերային կեանքի դժուարութիւնները եւ անգործութեան պատճառով ստեղծուող կարիքները աւելիով կը շեշտեն «Թռչնոց բոյն»ին տեղն ու դերը լիբանանահայ հաւաքական կեանքին մէջ:
Այս կացութեան մասին արտայայտուելով` վեհափառը յատկապէս ընդգծեց հետեւեալ կէտերը. «ա) Հայ մանուկի տարուան առիթով առաւել կազմակերպուածութիւն, բ) Յաւելեալ գուրգուրանք դժբախտ եւ կարիքաւոր մանուկներուն նկատմամբ, գ) Ուսման եւ կրթութեան լաւագոյն պայմաններ` ազգի խնամքին յանձնուած մեր մանուկներուն համար»: Ապա վեհափառը աւելցուց. «Ա՛յս է Եկեղեցւոյ կոչումը` ծառայել որբին, հիւանդին, աղքատին, զրկեալին: Այս գիտակցութեամբ ու նուիրումով մենք իբրեւ եկեղեցի պիտի շարունակենք գործել ու ծառայել»:
Հայ ժողովուրդի զաւակներուն, ազգային թէ միջազգային կարեւոր նպաստ ունեցող հիմնադրամներուն ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւաքական նպաստով իր աշխատանքը շարունակող այս տունը պիտի շարունակէ հայ մանուկներուն ապաստանարանը մնալ` սրբելով որբին արցունքը եւ յաջող կեանքի ասպարէզ բանալով անոնց դիմաց:
Յայտնի եւ անյայտ բազմաթիւ անհատ բարերարներ լուռ մասնակցութեամբ սատար կը հանդիսանան հաստատութեան վերելքին` իրենց լաւագոյնը մատուցելով հայ մանուկներուն: Արդիական պայմանները, կրթութեան նոր մեթոտները` համաձայն ներկայ մանկավարժութեան կանոններուն, հայ աշակերտները դարձուցած են աւելի զուսպ ու խոստմնալից:
Հաստատութեան 80-ամեակի տօնակատարութեանց ընդառաջ, յոյսով լեցուն են մեր սրտերը, թէ հայ ժողովուրդի զաւակները պիտի շարունակեն իրենց օժանդակութիւնը կատարել «Թռչնոց բոյն»ին: Հաստատութիւն մը, որ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանութեան տխուր յիշատակը ունենալով հանդերձ, միաժամանակ ազգի յարութեան խորհրդանիշն է: