Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, տուաւ շարք մը որոշումներ, ինչպէս նաեւ հրապարակեց յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը:

Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին վաւերացուեցան արդիւնքները հետեւեալ մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին.

Ա. ԽՄԲԱԿ.- Ամալ Մաարաքէ – Ահլի Պըրժ Ռահհալ` 3 – 0, Ֆաժըր Արապսալիմ – Սալամ Սուր` 2 – 1, Ուխուուա Խարայեպ – Ժամհիեթ Մաարաքէ` 4 – 3, Շապապ Հումին Թահթա – Ժալիլ Քանա` 1 – 1:

Բ. ԽՄԲԱԿ.- Շեքքա – ՀՄՄ` 3 – 1, Շապապ Թրիփոլի – Իթթիհատ Հարեթ Նաամէ` 3 – 1, Շապապ Արապի – Հարաքեթ Շապապ` 1 – 0, Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի – Զամալեք Պէյրութ` 2 – 2:

Գ. ԽՄԲԱԿ.- Շարք – Պարժալունա` 1 – 0, Իրշատ – Ժապալ Մաժտալպաանա` 3 – 1, Պար Էլիաս – Հիլալ Հարեթ Նաամէ` 2 – 2, Նըժմեթ Սահրա – Նահտա Պար Էլիաս` 1 – 1:

Հրապարակուեցաւ երիտասարդներու ֆութպոլի ախոյեանութեան վերջնական դասաւորումը:

Նըժմէ 41 կէտով գրաւեց Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը, իսկ Ահտ նոյնքան կէտ ապահովելով Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը:

ՀՄԸՄ, որ մաս կը կազմէր Ա. խմբակին, 11 կէտ ապահովելով գրաւեց 7-րդ դիրքը: ՀՄԸՄ արձանագրեց 3 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրեց 11 պարտութիւն: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները նշանակեցին 29 կոլ եւ իրենց բերդին մէջ ստացան 52 կոլ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )