Գէորգ Գասպարով Պիտի Մնայ Միքայի Հետ
Միքայի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 34 տարեկան բերդապահը` Գէորգ Գասպարով, պիտի մնայ իր ակումբին հետ:
Armsport.am կը հաղորդէ, որ թէեւ Գասպարով, արտասահմանէն եւ ի մասնաւորի` Իրանէն ստացաւ հրաւէրներ, սակայն ան որոշեց մնալ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մաս կազմող իր կազմին հետ:
Այժմ ան մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրած է` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ նախորդ 5 դեկտեմբերին:
Նշենք, որ ցարդ ան Միքայի հետ կատարած է 100 մրցում:
CATEGORIES Մարզական